Թուրքիա- Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ այսօր յետմիջօրէին մեծ ցոյցեր կը սպասուին: Այս մասին լուրը կը փոխանցուի թրքական աղբիւրներու կողմէ: Նշենք, որ ցոյցերը նախատեսուած են PKK-ի դէմ: Այս մասին նոյնպէս տեղեկութիւնը կը փոխանցէ իշխանութեան մօտիկ համարուող «Տէյլի Սապահ»ը: Թերթը կը գրէ, որ այսօրուան ցոյցերը պիտի ըլլան աննախընթաց եւ երկրի սենտիքայական միութիւնները եւ արհմիութիւնները մեծ թափով պիտի մասնակցին այսօրուան ցոյցերուն:Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ բողոքի ցոյցեր կը կատարուին:Ցոյցեր գրանցուած են նաեւ հայկական թաղամասերուն մէջ, ուր ցուցարարներ քանիցս հայութեան դէմ վանկարկումներ կատարելով պոռացած են, թէ «Այս թաղամասերը հայերու գերեզման պիտի դարձնենք»: