Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռատիօմարաթոնի դրամահաւաքին՝ նիւթապէս աջակցելով նախաձեռնութեան եւ յաջողութիւն մաղթելով կազմակերպիչներուն։
Ստորեւ այդ մասին Վարդգէս Մահտեսեանի պաշտօնական էջին հրապարակուած գրառումը.
Երկուշաբթի 2 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան մասնակցեցաւ Ռատիօմարաթոնիօի բացման արարողութեան, Սթրովոլոսի՝ Ստաւրու պողոտայի կեդրոնական կրպակին մէջ։ Պետական Ներկայացուցիչը տնտեսապէս աջակցելով դրամահաւաքին, Կիպրահայ գաղութին կողմէ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր կազմակերպիչներուն։