image

Բացայայտուած է երէկ Երեւանը ցնցած սպանութիւնը

Բացայայտուած է երէկ Երեւանը ցնցած սպանութիւնը

14 Սեպտեմբերին, ժամը 13.30-ին «Թիւֆէնքեան» հիւրանոցի մօտ տեղի ունեցած միջադէպի բացայայտման ուղղութեամբ ՀՀ ոստիկանութեան ձեռնարկած հետախուզական եւ քննչական միջոցառումներու արդիւնքով պարզուած է յանցագործութիւնը կատարելու մէջ կասկածուողներու ինքնութիւնը՝ 1957-ի ծնունդ Ռաֆիկ Խաչատրեան, 1982-ի ծնունդ Ալպերթ Պլպուլեան եւ 1984-ի ծնունդ Արմէն Կարատաւիտով:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ոստիկանութենէն եւ կը նշեն, որ կը ձեռնարկուին հետախուզական ծաւալուն միջոցառումներ անոնց յայտնաբերելու եւ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

Յիշեցնենք, որ երէկ անյայտ անձը կամ անձինք ինքնաձիգէ կրակ բացած էին Երեւանի մէջ, զոհուած էր մէկ անձ՝ Ալաւերտի քաղաքի բնակիչ, 1974-ի ծնունդ Գ.Մ-ն, միւսը՝ Ալաւերդիի մէջ քրէական հեղինակութիւն համարուող, 1978-ի ծնունդ Վահագն Աբգարեանը,  ծանր վիրաւորում ստացած էր։