Սէուտական Արաբիան ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումը։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սէուտական Արաբիան կ'ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մասին յայտարարութիւնը եւ կը գնահատէ այդ համաձայնագիրին Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը։
Սէուտական Արաբիան նաեւ յոյս յայտնած է, որ համաձայնագիրը կը նշանաւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ըմբռնման, համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան եւ կայունութեան համախմբման նոր փուլի մեկնարկը, որ կը ծառայէ երկու ժողովուրդներու եւ կովկասեան տարածաշրջանի շահերուն։