image

«Թուֆէնկեան»ի կազմակերպութեամբ. Առաջին բուժօգնութեան դասընթացքներ Մարտունիի եւ շրջանի համայնքներուն մէջ

«Թուֆէնկեան»ի կազմակերպութեամբ. Առաջին բուժօգնութեան դասընթացքներ Մարտունիի եւ շրջանի համայնքներուն մէջ

Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի եւ Code 3 Angels կազմակերպութեան համատեղ ջանքերով Մարտունի քաղաքի եւ շրջանի համայնքներուն մէջ մեկնարկած են առաջին բուժօգնութեան քառօրեայ դասընթացքները: Դասընթացքներուն մեկնարկը տրուած է Ապրիլ 29-ին` Մարտունի քաղաքին մէջ, թեման «արիւնահոսութիւնն» էր: Կը մասնակցէին ուսուցիչներ, զինղեկներ, փրկարար ծառայութեան, ոստիկանութեան ծառայակիցներ, բուժաշխատողներ, համայնքապետարանի աշխատողներ: 

Ներկայ էին շրջվարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Վատիմ Դանիէլեանը, Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի շինարարական ծրագրերու պատասխանատու Էտկար Դանիէլեանը:

Դասընթացքը վարեց Code 3 Angels կազմակերպութեան հիմնադիր տնօրէն Ճօ Գրիգորեանը: Անոր խօսքով` Ամերիկայի մէջ շատ յաճախ նմանատիպ դասընթացքներ կը կազմակերպեն. «Stop the bleed ծրագիր ունինք Ամերիկայի մէջ, որու շրջանակին մէջ կը կազմակերպենք տարբեր դասընթացքներ: Այս դասընթացքներուն միջոցով կը փորձենք անհրաժեշտ գիտելիքներ փոխանցել մարդոց, որպէսզի կարենան որեւէ իրավիճակի մէջ առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերել տուժածին, մինչեւ շտապ օգնութեան հասնիլը: Որոշեցինք մեր փորձն ու գիտելիքները փոխանցել նաեւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն: Դասընթացքները շատ կարեւոր են աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ որեւէ մասնագիտութեան տէր մարդոց համար: Խնայելով ժամանակը` պիտի կարենան ժամանակին ու ճիշդ կողմնորոշուելու արդիւնքով փրկել կեանքեր», նշեց Ճ. Գրիգորեանը:

Կարեւորելով նման դասընթացքներու անհրաժեշտութիւնը, մեր հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Գրիգոր Պետեանը մասնաւորապէս նշեց. «Այս ուսուցումը կարեւոր է, քանի որ գիւղական համայնքներուն մէջ վնասուածքները շատ յաճախ կ'ըլլան` գիւղտեխնիկայի հետ աշխատելու, խոշոր կենդանիներ պահելու ժամանակ, կամ վթարներու պատճառով: Հաշուի առնելով, որ ամենամօտ հիւանդանոցները կը գտնուին գիւղերէն բաւականին հեռու, գիտելիքը կրնայ բառացիօրէն կեանքեր փրկել նման իրավիճակներու մէջ»: 

«Տղաները հայրենիքի մէջ նմանատիպ դասընթացքներ կազմակերպելու մեծ փորձ ունին, այդ իսկ պատճառով Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամին համար մեծ պատիւ է համագործակցիլ անոնց հետ, հովանաւորել այս ծրագիրը` թէ՛ ֆինանսապէս, թէ՛ կազմակերպչական առումով», նշեց Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի հանրային կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանը:

Դասընթացքի ընթացքին մասնակիցները ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները, ստացան նոր, շատ կարեւոր ու անհրաժեշտ գիտելիքներ: Աւարտին, մասնակիցները Code 3 Angels կազմակերպութեան կողմէ Stop the bleed դասընթացքին մասնակցելու համար ստացան վկայագրեր եւ առաջին բուժօգնութեան համար նախատեսուած անհրաժեշտ պարագաներով փոքրիկ պայուսակներ:

Դասընթացները կը շարունակուին` Ապրիլ 30–ին` Բերդաշէն, Մայիսի 2–ին` Կարմիր Շուկայ, Մայիսի 3-ին` Սօս համայնքներուն մէջ: