Թուրքիա- Թուրքիոյ իշխանական «Սապահ» օրաթերթը հայատեաց յայտարարութիւններ պարունակող լուր հրապարակած է: Այս մասին գրած է «Էրմէնի Հապէր» կայքը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ թերթը PKK-թրքական ուժեր բախումներուն ընթացքին սպաննուած Օլկուն Ղուրպանողլուի յուղարկաւորութեան ժամանակ հնչած հայայտեաց յայտարարութիւններու տեղ տուած է: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ յուղարկաւորութեան մասնակիցներէն մին սպառնալից ոճով պոռալով ըսած է, թէ «PKK-ի բոլոր կռուողները քիւրտեր չեն այլ բոլորը հայեր են»: