image

Պէտք է պետութեան ծառայէք, ոչ թէ ասոր- անոր քմահաճոյքները կատարէք. սրբազանը՝ դատախազներուն

Պէտք է պետութեան ծառայէք, ոչ թէ ասոր- անոր քմահաճոյքները կատարէք. սրբազանը՝ դատախազներուն

«Տաւուշ յանուն հայրենիքի» շարժումը քայլերդով հասած է դատախազութիւն։ Շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը դիմելով ընդհանուր դատախազին ու դատախազութեան աշխատակիցներուն ըսած է, որ անոնք ոչ թէ վարչապետին պէտք է ծառայեն, այլ մարդոց։

«Դատախազը պէտք է ոչ թէ զեկոյցներ ներկայացնի վարչապետին, այլ հանրութեանը ծառայի։ Դուք պէտք է պետութեանը ծառայէք, ոչ թէ սրա, նրա քմահաճոյքները կատարէք։ Ինչ գործ ասես` յարուցել են մարդկանց նկատմամբ` մեծ մասը ապօրինի ու անհիմն, անօրինական, կարուած գործեր են»,–ըսած է սրբազանը դատախազութեան շէնքի դիմաց։

Ան նաեւ դատապարտած է դատախազութիւնը, որ քար լռութիւն կը պահէ, երբ «Տաւուշի մէջ կ՚իրականացուի հակասահմանադրական ու ապօրինի սահմանագծում» կոչուած գործընթացը։

«Սա լրիւ ձեր տիրոյթում է գտնւում։ Իսկ դուք լռել էք, լռել էք, որովհետեւ այդ յանցանքի մասնակից էք»,– աւելցուցած է ան։

Դատախազութենէն ետք ցոյցը շարունակելու համար շարժման մասնակիցները գացած են դէպի նախարարութիւններու շէնք։

Նշենք, որ դատախազութեան շէնքը շրջափակուած էր ոստիկանական ուժերով, կային նաեւ սեւ պերթաւորներ, այնտեղ ժամանած է Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ Սեւան Քոչարեանը նաեւ փոխնախարար Կարէն Յակոբեանը։