image

Թրքական ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւնը մասնաճիւղ մը բացած է Ատրպէյճանի մէջ

Թրքական ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւնը մասնաճիւղ մը բացած է Ատրպէյճանի մէջ

Թրքական Akıncılar հիւսուածեղէնի ընկերութիւնը համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարութեան գիտահետազօտական ​​հիմնարկին հետ։

Ընկերութեան մամուլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ կողմերու միջեւ ստորագրուած արձանագրութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի մէջ պիտի ստեղծուի համատեղ արտադրական ձեռնարկութիւն եւ տարրալուծարան։

Այսօրուան դրութեամբ Akıncılar ընկերութիւնը Իզմիրի մէջ կ'արտադրէ զրահաբաճկոններ, պալիսթիք սաղաւարտներ, համազգեստներ եւ այլն, հաղորդած է Անատոլիական գործակալութիւնը։

Պաշտպանական նշանակութեան արտադրանքը, որ պիտի արտադրուի Ատրպէյճանի մէջ համատեղ ձեռնարկութեան կողմէ, կը նախատեսուի մատակարարել երրորդ երկիրներ։

«Ատրպէյճանի մէջ առաջին անգամ պիտի արտադրուի փամփուշտակայուն պաշտպանական արտադրանք։ Նորարարական կեդրոնին մէջ Akıncılar-ի ճարտարապետները եւ Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարութեան գիտահետազօտական ​​հիմնարկը համատեղ պիտի զարգացնեն արտադրութիւնը»,-ըսած է վարչութեան ղեկավար Ահմեթ Ճան Ուզունթեփէն։