Թուրքիոյ ազգայնական «Մեծ միութիւն» (BBP) կուսակցութեան նախագահը հերթական նախապայմանները առաջադրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:
BBP–ի նախագահ Մուսթաֆա Տեսթիճին յայտարարած է, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ կարգաւորման համար պէտք է առաջադրէ 2 նախապայման: Ան պնդած է, որ Արցախը տակաւին «ամբողջութեամբ ազատագրուած» չի եւ պէտք է Հայաստանը այդ տարածքներն ալ յանձնի եւ հրաժարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներէն:
Ան պնդած է, որ առանց այդ նախապայմանները կատարելու, Թուրքիան պէտք է սառեցնէ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: