image
Հրատապ լուրեր:

Չինաստան-ԱՄՆ համագործակցութիւնը կը բխի ողջ աշխարհի շահերէն. Չինաստանի ԱԳՆ

Չինաստան-ԱՄՆ համագործակցութիւնը կը բխի ողջ աշխարհի շահերէն. Չինաստանի ԱԳՆ

Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութիւնը կը բխի երեք երկիրներու եւ ողջ համաշխարհային հանրութեան շահերէն։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մաո Նին։

«Փոխգործակցութեան ամրապնդումը, տարաձայնութիւններու կարգաւորումը եւ Չինաստանի, Ռուսիոյ ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու կայունացումը կը բխին բոլոր երեք երկիրներու շահերէն, կը համապատասխանեն միջազգային հանրութեան սպասելիքներուն եւ կը նպաստեն համաշխարհային իրավիճակի կայունացման, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան ու համագործակցութեան զարգացման»,- ըսած է ան՝ մեկնաբանելով այս շաբաթ չինական Շենժենի մէջ Ասիա-խաղաղ ովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան գագաթնաժողովին Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջնորդներուն առաջիկայ եռակողմ հանդիպումը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Տմիթրի Փեսքով հաստատած էր, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա-Չինաստան նախագահներու եռակողմ հանդիպումը պիտի կայանայ 19 նոյեմբերին Չինաստանի Շենժեն քաղաքին մէջ կայանալիք Ասիա-խաղաղ ովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան գագաթնաժողովի շրջանակներու ծիրէն ներս։ Հանդիպման գլխաւոր թեման պիտի ըլլայ միջուկային սպառազինութիւններու կրճատումը: