Հանդիպման ընթացքին ուսանողները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց կատարած ուսումնասիրութիւններն ու աշխատանքները՝ անդրադառնալով Ալթունեանի ճարտարապետական իւրայատուկ արուեստին եւ Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ անոր ունեցած ներդրումին։
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց ԱԼՊԱ համալսարանի խումբ մը դասախօսներ եւ ուսանողներ, գլխաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան Ալթունեանի յանձնախումբի ատենապետ ճարտարապետ Արա Գէորգեանի եւ յաձնախումբի անդամներուն։
ԱԼՊԱ համալսարանի եւ Համազգայինի միջեւ շուրջ տարի մը առաջ զարգացած այս համագործակցութեան նպատակն է ուսումնասիրել լիբանանահայ նշանաւոր ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանի բերած նպաստը Լիբանանի։
Մ. Ալթունեան Լիբանանի մէջ հռչակաւոր ճարտարապետ եղած է, որուն գործերուն շարքին կը գտնուին Անթիլիաս Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը, Լիբանանի խորհրդարանի շէնքը, Հարիսայի Սուրբ Պօղոս եկեղեցին, Ազունիէի հայկական ազգային բուժարանի շէնքը, ինչպէս նաեւ մզկիթներ։
Հանդիպման ընթացքին ուսանողները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց կատարած ուսումնասիրութիւններն ու աշխատանքները՝ անդրադառնալով Ալթունեանի ճարտարապետական իւրայատուկ արուեստին եւ Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ անոր ունեցած ներդրումին։
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ՝ մշակոյթի պահպանման, զարգացման եւ տարածման մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան։ Ապա, ան պատասխանեց դասախօսներուն եւ ուսանողներուն ուղղած հարցումներուն։

