image

Կալանքի միջոցը՝ անհամաչափ. Աւետիք Չալապեան

Կալանքի միջոցը՝ անհամաչափ. Աւետիք Չալապեան

Հայաստանի մէջ կալանքը որպէս խափանման միջոց կը կիրառուի անհամաչափ, իսկ օրէնքը՝ ընտրողաբար եւ յաճախ գործող իշխանութիւններու ընդդիմախօսներուն դէմ։ Այս մասին 16 նոյեմբերին, Ազգային ժողովի մէջ «Հայաստանի Հանրապետութիւնում ժողովրդավարական սկզբունքներից նահանջը, քաղաքական հետապնդումների ենթարկուող անձանց իրաւունքների պաշտպանութիւնը եւ իրաւական երաշխիքները» թեմայով լսումներու ժամանակ յայտարարած է «Հայաքուէ» ընդդիմադիր հասարակական-քաղաքական նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալապեան։

Անոր ներկայացուցած տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ ազատութիւնէն զրկուած անձերու 47%-ը նախնական կալանքի տակ է։ Ընդ որում՝ վերջին երեք ամսուան ընթացքին նախնական կալանքի տակ գտնուողներուն թիւը աւելցած է աւելի քան 100-ով։

«Նրանց մեծ մասը կալանաւորուած է քաղաքական դրդապատճառներով»,- պնդած է Չալապեան։

Չալապեան ներկայացուցած է նաեւ այլ երկիրներու համեմատական ցուցանիշները։ Անոր խօսքով՝ Եպրոպայի մէջ այն կալանաւորները, որոնց գործերով դեռ դատավճիռներ չեն կայացուած, միջին հաշուով կը կազմեն ազատութիւնէ զրկուած անձերու ընդհանուր թիւի 25%-ը, Ռուսիոյ մէջ՝ 30%-ը, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ՝ 22-ական տոկոսը, Թուրքիոյ՝ 17%-ը, իսկ Պուլղարիոյ՝ 7%-ը։

Չալապեանի գնահատմամբ՝ հարեւան բոլոր երկիրներուն մէջ իրավիճակն աւելի լաւ է, քան ինքզինք «ժողովրդավարութեան ամրոց (պասդիոն)» հռչակած Հայաստանի մէջ։

Ընդդիմադիր գործիչի գնահատմամբ՝ Հայաստանի մէջ նման իրավիճակի պատճառներէն մէկը Քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 118-րդ յօդուածի ոչ բաւարար յստակ ձեւակերպումներն են, որոնք, ըստ անոր, դատարաններուն թոյլ կու տան կալանք կիրառել առանց փաստական հիմնաւորման։

Աւետիք Չալապեանի խօսքով՝ դատարանները յաճախ կը սահմանափակուին այն պնդմամբ, թէ այլընտրանքային խափանման միջոցները չեն կրնար ապահովել մեղադրեալի պատշաճ վարքագիծը։ Ան առաջարկած է հանդէս գալ օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ՝ ուղղուած կալանքի կիրառման պայմաններու յստակացման եւ խափանման այս միջոցի նկատմամբ դատական վերահսկողութեան ուժեղացման։