Արեւմտեան քանի մը երկրի յաւակնութիւնները կը խանգարեն միջազգային յարաբերութիւններու արդար եւ ժողովրդավարական համակարգի կառուցումը։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Յանուն ազգերու ազատութեան» շարժման ընդհանուր ժողովի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքին մէջ։
«Ժամանակակից աշխարհը կ'ապրի չափազանց լուրջ փոփոխութիւններ։ Աւելի ու աւելի շատ երկիրներ հանդէս կու գան միջազգային յարաբերութիւններու արդար եւ ժողովրդավարական համակարգի կառուցման օգտին, որ հիմնուած է բազմաբեւեռութեան եւ իրական իրաւահաւասարութեան սկզբունքներուն վրայ։ Այս նպատակին հասնելու լուրջ խոչընդոտ են արեւմտեան շարք մը պետութիւններու նէօգաղութային յաւակնութիւնները»,- ըսուած է Քրեմլինի կայքին մէջ հրապարակուած հեռագրով։
Նախագահը նկատել տուած է, որ նախկին մայրաքաղաքները, որոնք ժամանակին ստիպուած եղած էին հրաժարիլ Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Լատինական Ամերիկայի ժողովուրդներու ուղղակի ճնշումէն, նախկինին պէս կը փորձեն պահպանել վերահսկողութիւնը այդ տարածաշրջաններու երկիրներու տնտեսութիւններու նկատմամբ, միջամտել անոնց ներքին գործերուն եւ ազդել անոնց արտաքին քաղաքականութեան վրայ ։