image

Վեր.Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ընդունեց ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչները

Վեր.Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ընդունեց ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչները

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտոր Յարութիւն Սելիմեան  օրերս ընդունած է  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) Գործադիր Մարմնի անդամներուն քաղաքավարական այցելութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին անոր յանձնուեցաւ ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակին եւ ՀԵԸ-ի 95-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեան հրաւէրը։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտոր Յարութիւն Սելիմեան ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմնի անդամներուն քաղաքավարական այցելութիւնը։ 

Անոնք զինք հրաւիրեցին ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 120-ամեակին եւ ՀԵԸ-ի 95-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեան։

Այցելութեան ընթացքին, Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտոր Սելիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող հայապահպան բոլոր կառոյցներուն համար։ Ան մասնաւորաբար գնահատեց ՀԲԸՄ-ի հարուստ վաստակն ու կառուցողական ներկայութիւնը՝ հայ ինքնութեան կերտումի, ազգային մշակոյթի ու ժառանգութեան պահպանման եւ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ։

Ջերմօրէն շնորհաւորելով այս նշանակալից յոբելեանները՝ ան մաղթեց նոր եռանդ եւ շարունակական բեղմնաւոր ծառայութիւն՝ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը հայապահպան այս առաքելութեան եւ անոր նուիրեալներուն համար։