Էսթոնիան Ռուսիոյ հետ սահմանի երկայնքով «պատ» կը կառուցէ, սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ նման պատերը որեւէ լաւ բան չեն տար անոնց կառուցողներուն։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ մեկնաբանելով էսթոնական պաշտպանական ձեռնարկութիւններէն մէկուն վրայ իբր իրականացուած յարձակման պատճառով ռուս-էսթոնական սահմանը փակելու Թալինի որոշումը։
«Էսթոնիան «պատ» կը կառուցէ։ Շատ երկիրներ, ինչպէս ցոյց կու տայ պատմութիւնը, պատեր կը կառուցեն, որոնք որեւէ լաւ բան չեն բերեր այդ պատերուն հեղինակներուն», - ըսած է Փեսքով։
Քրեմլինի ներկայացուցիչը միեւնոյն ժամանակ բացարձակապէս անհիմն անուանած է յարձակման մէջ Ռուսիոյ ուղղուած մեղադրանքները։
Նշենք, որ կիրակի օր Էսթոնիոյ ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Իկոր Թարօ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ հետ սահմանը փակելու մասին որոշումը կ'ընդունուի նախարարներու գրասենեակի նիստին, միջոցառումները կրնան ըլլալ ժամանակաւոր կամ մշտական։ Միեւնոյն ժամանակ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցահքնան յստակացուցած է, որ Թալինը 1 դեկտեմբերէն սկսեալ պիտի փակէ էսթոնական-ռուսական սահմանի բոլոր սահմանային անցակէտերը։