Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանին մէջ տեղի ունեցան նոր կրթական տարեշրջանի առաջին ծնողական հանդիպումները՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել ծնող-վարժարան գործակցութիւնը եւ խրախուսել աշակերտներուն ուսումնական յառաջընթացը։
26-28 Հոկտեմբեր 2026-ին, երեք յաջորդական օրերու ընթացքին, Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանի BP1-էն BT3 դասարաններու աշակերտներուն ծնողները մասնակցեցան 2026-2027 կրթական տարեշրջանի առաջին ծնողական հանդիպումներուն, որոնք տեղի ունեցան վարժարանի Ֆարաճեան սրահին մէջ։
Հանդիպումներուն բացումը կատարեց տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ ողջունեց ծնողները եւ ընդհանուր պատկերացում մը տուաւ իւրաքանչիւր դասարանի կրթական տարեշրջանի առանձնայատկութիւններուն եւ նպատակներուն մասին։ Ան քաջալերեց ծնողները մնայուն կերպով հետեւելու իրենց զաւակներուն ուսումնական ընթացքին եւ խրախուսելու զանոնք, որպէսզի ինքնավստահութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ յստակ նպատակներով լրջօրէն շարունակեն իրենց ուսումը։
Այնուհետեւ, բաժանմունքի պատասխանատու պրն. Սերժ Հաննա ծնողներուն ներկայացուց վարժարանի ներքին կանոնները, որոնց ծնողները պէտք է իրազեկ ըլլան՝ իրենց զաւակներուն պատշաճ աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ կրթական տարեշրջանի սահուն ընթացքը ապահովելու համար։
Վերջին հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ BT3 դասարանի ուսանողները։ Տնօրէնն ու բաժանմունքի պատասխանատուն քաջալերական խօսքեր ուղղեցին անոնց՝ շեշտելով իրենց ուսման նկատմամբ պատասխանատուութիւն ստանձնելու, հետեւողականօրէն աշխատելու եւ դժուարութիւններուն դիմաց յարատեւելու կարեւորութիւնը։
.jpeg)
