image
Հրատապ լուրեր:

Թիֆլիսը պատերազմի մէջ ներգրաւելու փորձեր կան. Վրաց վարչապետ

Թիֆլիսը պատերազմի մէջ ներգրաւելու փորձեր կան. Վրաց վարչապետ

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին յայտարարած է, որ Թիֆլիսը՝ Ուքրանիոյ շուրջ հակամարտութեան մէջ ներքաշելու փորձերը չեն դադրիր, գրած է Ինթերֆաքսը։

«Այս հակամարտութիւնն ինչ որ կերպ մեր երկրէն ներս տարածելու փորձերը, ցաւօք, չեն դադրիր։ Մենք ուղղակիօրէն լսած ենք Ուքրանիոյ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները այս թեմայի շուրջ։ Անոնց նպատակն էր «երկրորդ ճակատ» բանալը», - յայտարարած է Վրաստանի վարչապետը։

Ան ընդգծած է, որ իբրեւ թէ անոր համար Ուքրանիայէն Վրաստան ուղարկուած է նախկին նախագահ Միխէիլ Սաաքաշվիլին, որ ներկայիս կը գտնուի բանտ։

Ղարիպաշվիլին նաեւ աւելցուցած է, որ Վրաստանի իշխանութիւնները յաջողած են խուսափիլ հակամարտութեան մէջ ներքաշուելէն։