image

Թիֆլիսի մէջ. Վտանգաւոր ահաբեկիչ մը ձերբակալուած

Թիֆլիսի մէջ. Վտանգաւոր ահաբեկիչ մը  ձերբակալուած

Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները ձերբակալած են հանրապետութեան քաղաքացի Մալխազ Փաքսաշվիլին` «Իսլամական պետութեան» կողմէ Սուրիոյ մարտերուն մասնակցելու համար։ Այս մասին շաբաթ օր յայտնած է գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը, գրած է ԹԱՍՍ:

«Պետական անվտանգութեան ծառայութեան հակաահաբեկչական կեդրոնը յատուկ գործողութեան արդիւնքով դատարանի որոշման հիման վրայ ձերբակալած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավար, Վրաստանի քաղաքացի Մալխազ Փաքսաշվիլին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հետաքննութեան տուեալներով՝ Փաքսաշվիլի 2013 թուականին լքած է Վրաստանն ու տեղափոխուած Սուրիա։ Այնտեղ միացած է «Իսլամական պետութեան»։ 2013-15 թուականներուն Փաքսաշվիլի ընդգրկուած է այսպէս կոչուած ռազմական էմիրներու՝ (իշխաններու) Քեսար եւ Ցիսքարա Թոխոսաշվիլի եղբայրներու խմբաւորման մէջ: Անոնք նախապէս ձերբակալուած էին յատուկ ծառայութիւններու կողմէ։

Յարուցուած է քրէական գործ Վրաստանի քրէական օրէնսգիրքի «Օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութեան կամ օտարերկրեայ պետութեան կողմէ վերահսկուող ահաբեկչական կազմակերպութեան միանալը կամ ահաբեկչական գործունէութեան աջակցիլը» յօդուածով, որ կը պատժէ ազատազրկումով՝ 10-էն մինչեւ 17 տարի ժամկէտով: