image

«The Other Side of Home» ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ

«The Other Side of Home» ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ

Էրիք Նազարեանի վաւերագրական ֆիլմը՝ «The Other Side of Home», Սեպտեմբեր 1ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին պիտի ցուցադրուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Ռէյ Սթարք» սրահին մէջ։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է նոյն համալսարանի Հայագիտական հիմնարկին, Շարժապատկերի արուեստներու բաժանմունքին եւ «Շօա» հիմնարկին համատեղ ջանքերով։

40 վայրկեաննոց ֆիլմը կ՛առնչուի իր հայ ինքնութիւնը բացայայտած Թուրքիոյ քաղաքացիի մը փորձառութեանց, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն։