Մոսկուան կը շփուի թալեպններու հետ` տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը անոնց փոխանցելու անհրաժեշտութեան պատճառով: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Աֆղանիստանի հարցերով Ռուսաստանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, ՌԴ ԱԳՆ Ասիոյ 2-րդ վարչութեան տնօրէն Զամիր Քապուլովը:
«Թալեպան» շարժման ներկայացուցիչները 8-9 Յուլիսին այցելած էին Ռուսաստան: Նշենք, որ «Թալեպան»-ը ճանչցուած է որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն՝ Ռուսաստանի մէջ:
Քապուլովի խօսքով` Մոսկուան դեռ քանի մը տարի առաջ նախազգուշացուցած էր, որ ամերիկեան զօրքերու դուրսբերման պարագային Աֆղանիստանի մէջ իրավիճակը պիտի վատթարանայ:
«Եթէ իրերը կոչենք իրենց անուններով՝ մենք սա շատ աւելի վաղ կանխատեսած էինք, ուստի 7 տարի առաջ մենք սկսած ենք կապեր հաստատել թալեպաններու շարժման հետ ... Եկէք չմոռնանք, որ այժմ մենք կը խօսինք մարտավարական գործողութիւններու մասին: Բայց եկէք վերադառնանք աւելի խոշոր, Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ռազմավարական արդիւնքներուն: Քանի մը տարի առաջ կար ամերիկեան ռազմակայաններու ցանց, եւ անոնց մեծ մասը ռազմավարական կապ չունէին Աֆղանիստանի հետ, անոնք ազդեցութիւն կը տարածէին ամբողջ տարածաշրջանի վրայ, ներառեալ մեր վրայ՝ Կեդրոնական Ասիան, Իրանը, Փաքիստանը եւ Չինաստանը: Ո՞ւր են այդ ռազմակայանները: Անոնք չկան, ասով արդէն ամէն ինչ ըսուած է»,-ըսած է Քապուլովը:
Գործակալութեան զրուցակիցը աւելցուցած է, որ եթէ այդ ժամանակ Մոսկուան չսկսէր կապեր հաստատել թալեպներու հետ, ապա այժմ դժուար պիտի ըլլար երկխօսութիւն վարել:
«Հիմա պատկերացուցէք, որ եթէ 7 տարի առաջ մենք կամուրջներ չկառուցէինք թալեպներու հետ, կապ չհաստատէինք, անոնց չյայտնէինք մեր մտահոգութիւնները, մեր շահերը, հետեւէինք ձախողած արեւմուտքցիներուն եւ խարանէինք անոնց, հիմա որո՞ւ հետ պիտի խօսէինք: Անոնք խնդիրներ ունին, իսկ Ռուսաստանը կրնայ խօսիլ Աֆղանիստանի մէջ ցանկացած ուժի հետ»,-եզրափակած է դիւանագէտը:
2020 թուականին ԱՄՆ-ի եւ «Թալեպան»-ի պաշտօնեաները ստորագրած են 18 տարուան պատերազմի ընթացքին առաջին խաղաղութեան համաձայնագիրը, որու համաձայն ամերիկացի զինուորականները պէտք է լքեն Աֆղանիստանը: Սպիտակ տունը կը խոստանայ դուրս բերել զօրակազմը մինչեւ 11 Սեպտեմբեր: Միեւնոյն ժամանակ, հանրապետութեան մէջ լարուածութիւնը կ'աճի. թալեպները գրաւած են նշանակալի տարածքներ եւ յարձակած մեծ քաղաքներու վրայ, անոնց դէմ կը գործեն կառավարական ուժերը: