Հայաստանի մէջ կը մշակուի սահմանափակումներու նոր փաթեթ, որ այժմ շրջանառութեան փուլի մէջ է եւ Օգոստոսի երկրորդ կէսին պիտի ներկայացուի հանրութեան: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Անահիտ Աւանեսեանը, պատասխանելով հարցերուն այն մասին, թէ կրնան արդեօք պատուաստումները դառնալ պարտադիր:
«Սա հանրային վտանգ ներկայացնող հիւանդութիւն է, եւ մենք տեսնում ենք, թէ երկրները, երբ այն դուրս է գալիս կառավարելիութեան շրջանակից, ինչպիսի կոլապսային (անկումային) իրավիճակում են յայտնուում, ոչ միայն առողջապահական համակարգերը, այլ նաեւ երկրի թէ տնտեսութիւնը, թէ հանրային առողջապահական ամբողջ գործընթացը: Դրսեւորելով հանրային պատասխանատուութիւն, դրսեւորելով մէկս մէկին պաշտպանելու եւ ի վերջոյ հանրային իմունիտետ (անվարակելիութիւն) ստեղծելու համար ամէն քաղաքացի պէտք է ակտիւ (աշխոյժ) կերպով իր ներդրումը ունենայ», -ըսած է Աւանեսեան:
Անոր խօսքով, շատերը այսօր կը հասկնան, որ պէտք է պատուաստուին, բայց անընդհատ կը յետաձգեն այդ գործընթացը: Խնդիրն այն է, որ Հայաստանի մէջ դեռ չկայ հիւանդութիւնները կանխարգիլելու, առողջութեան մասին առողջ վիճակի մէջ եղած ժամանակ հոգ տանելու մշակոյթը: