image

Թալեպներէն համաներման առաջարկ Աշրաֆ Ղանիին

Թալեպներէն համաներման առաջարկ Աշրաֆ Ղանիին
«Թալեպան» շարժումը համաներում առաջարկած է Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիին եւ փոխնախագահ Ամուրլլահ Սալեհին՝ թոյլ տալով անոնց վերադառնալու երկիր:
 
«Մենք կը ներենք Աշրաֆ Ղանիին, Ամուրլլահ Սալեհին եւ Համտուլլահ Մոհիպին (անվտանգութեան հարցով նախագահի խորհրդական): Մենք մեր կողմէն կը ներենք բոլորին, սկսած զօրավարէն, որ կը կռուի մեր դէմ, մինչեւ հասարակ մարդ»,- «ՌԻԱ Նովոստի»-ի հաղորդմամբ՝ յայտարարած է թալեպներու բարձրաստիճան առաջնորդ Հալիլ Ռահման Հաքքանին:
 
Յիշեցնենք, որ թալեպներնը Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերու դուրսբերման զուգահեռ գործողութիւններ սկսած էին եւ ամէն օր նոր քաղաքներ գրաւած, իսկ 15 Օգոստոսին մտած են Քապուլ: Ժամեր անց երկրի նախագահ Աշրաֆ Ղանին հրաժարական ներկայացուցած եւ հեռացած էր երկրէն: Ղանին ընդունած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:
 
Երկրի փոխնախագահ Ամրուլլահ Սալեհը յայտարարած է, որ երկրի ղեկավարի բացակայութեան պարագային սահմանադրութեան համաձայն՝ ինք կը ստանձնէ ղեկավարի պարտականութիւնները: Վերջինս կոչ ըրած է զինուած դիմադրութիւն ցոյց տալու թալեպներուն: