image

«Տղաս, օգնէ ինծի, որ դիմանամ այս խոր ցաւին».Ազատուհի Սիմոնեանի սրտառուչ գրառումը

 «Տղաս, օգնէ ինծի, որ դիմանամ այս խոր ցաւին».Ազատուհի Սիմոնեանի սրտառուչ գրառումը

 Մօր մը վշտահար ըլլալը ամենածանր դրուագներէն է բոլոր հասարակութեանց համար։ 

Մեզի համար ալ յարգուած մայր ու հայուհի է պէյրութահայ տիկին Ազատուհի Սիմոնեանը, որ ճիշդ երեք ամեակներ առաջ հողին տուաւ իր երիտասարդ եւ բոլոր առումներով ալ յարգուած ու սիրուած որդին՝ Տիգրան Սիմոնեանը։

Ուզեցինք այդ տխուր պահուան մասնակիցը դառնալ եւ մեր ընթերցողներուն ներկայացնել վշտահար մայրիկին գրառումը, որ նոյնիսկ ցաւին ու կորուստին մէջէն կը փորձէ լոյսի պատուհան մը փնտռել...։

Հարկ է յիշեցնել, որ վաղահաս մահով այս կեանքէն հեռացած Տիգրան Սիմոնեան որդին է  լիբանանահայ նոյնքան յարգուած ու գրական ուշագրաւ ժառանգութիւն մը իր ետին թողած բանաստեղծ՝ Պէպօ Սիմոնեանին։

Ստորեւ տիկն. Ազատուհի Սիմոնեանի գրառումը՝ 

 

Սիրելի Տիգրան,

 

Քու հեռացումէդ մօտաւորապէս երեք տարիներ ետք, կրկին կը կապուինք քեզի հետ հաշուետուութեան թէ ինչ կատարած ենք քու բացակայութեանդ ընթացքին։ Ամենօրեայ դրութեամբ միշտ ներկայ եղար մեր կեանքին մէջ եւ գօտեպնդեցիր մեզ քու քաջալերանքովդ եւ զօրակցութեամբդ։ Յաճախ եկար մեր երազներուն մէջ եւ պատուիրեցիր մեզի քու խորհուրդներդ որոնք հեզասահ պիտի դարձնէին մեզ խռովող տուեալ հարցի լուծումը։Արեգի եւ Սարիկի տարին անցաւ իրենց ձեռք ձգած ուսումնական յաջողութիւններով որպէսզի դուն հպարտ զգաս իրենցմով։ Ներկայ օրերուն Արցախի հանրապետութեան քայքայման ու փլուզման ականատեսը ըլլալով կը յիշենք սիրելի Տիգրան 44 օրուայ պատերազմի ընթացքին քու ապրած տառապանքդ։ Դուն կը հետեւէիր օրը օրին կատարուող գործողութիւններուն եւ կ՛ապրէիր անհուն յուսախաբութիւն եւ տխրութիւն։ Դուն շատ ալ հաւատք չէիր ընծայեր “Յաղթելու ենք” նշանաբանին որ պարտութեամբ վերջացաւ։Ներկայիս Արցախահայութեան բռնագաղթը իրենց պապենական հողերէն եւ երդիքներէն քեզ շատ պիտի տխրեցնէր։ Այս ողբերգութեան իրականութիւնը քեզի խնայուեցաւ։ 

Հօրդ Պէպօյին նամականիին եւ կայքէջքին դասաւորումը քեզի համար առաջնահերթութիւն կը ներկայացնէր եւ յաճախ կը խօսէիր այդ մասին։ Քու յիշատակիդ նուիրուած լաւագոյն արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ այդ կարեւոր գործի իրականացումը մօտիկ ապագային։ Նամականին թերթատած միջոցիս բազմահարիւր էջերուն մէջ գտայ քու մէկ նամակդ ուղղուած հօրդ Յունիս 1, 1986 ին երբ միայն 13 տարեկան էիր։Հայրդ հանգանակութեան գացած էր Ամերիկա, Անգլիա եւ 

Գանատա ՀԿԲՄ ի ատենապետ Տոքթ. Արշակ Գազանճեանի հետ Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի եւ Արարատ օրաթերթի համար հանգանակութիւն կատարելու։ Դուն քու կարօտդ կ՛արտայայտես այդ նամակին մէջ եւ կը խնդրես որ ծրագրուած թուականէն աւելի կանուխ վերադառնայ հայրդ եւ կարելիութիւնը ունենաք եղբայրդ Ռազմիկը, պապադ եւ դուն միասին դիտելու Ֆութպօլի World Cupի ֆինալ ի խաղը։ 4 տարին անգամ մը տեղի ունեցող այդ մարզական համաշխարհային մրցումները ձեզի համար այնքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին որ երբ հայր եղար Արեգին տարիր Մոսկուա ներկայ ըլլալու 2018ի բացման խաղերուն։ Իսկ 2022 ին քու փոխարէնդ իր հօրեղբայրը, Ռազմիկը տարաւ Արեգը Քաթարի ֆինալի խաղին մեծ ուրախութիւն պատճառելով անոր։Նամակդ կը յայտնէ նաեւ քու ստացած տարեվերջի բարձր նիշերուդ մասին կարեւոր նիւթերու ինչպէս Մաթեմաթիկի եւ Գիտութեան մէջ։ Ահա այդ տարիքին կը յայտնաբերուէր քու կարողութիւններդ ուսումնական գետնի վրայ որը առաջնորդեց քեզ Համալսարանական կրթութիւն ստանալու։ Կը յայտնես հօրդ ՀՄՄ ի սկաուտական շարքերու մէջ քու պաշտօնի բարձրացմանդ մասին։ Հոն է որ կազմուեցաւ քու միութենական ոգիդ եւ հաւաքականութեան ծառայելու տենչդ։ Դուն կը տեղեկացնես հօրդ շ ատ կարեւոր եւ հայութեան համար ահաւոր դէպքի մը մասին։ Անկարգ տարրեր մտած էին արեւմտեան Պէյրութի մէջխանութներ եւ բժշկական գրասենեակներ եւ սպաննած անմեղ հայեր ու վիրաւորած ուրիշներ։ Ամբողջ հայութիւնը ցնցուած էր այս բարբարոսական արարքէն։ Դուն այդ տարիքիդ կրցած էիր մասնաւորել այդ դէպքերը եւ ճանչնալ անոնց տարողութիւնը հայ կեանքին համար։ Զգալի էր քու ազգային ոգիի ներկայութիւնդ եւ ինչ որ ապագային կազմաւորուեցաւ որպէս յանձնառու հայ երիտասարդի խրոխտ նկարագիր։

Ներկայ օրերուն կատարուող Իսրայէլ -Համաս պատերազմը վախի մէջ կը պահէ Լիբանանի ժողովուրդը մէջն ըլլալով քու ընտանիքդ։ Որքան կարեւոր էր քու ներկայութիւնդ այս օրերուն զաւակներուդ եւ տիկնոջդ կողքին։ Կրկին քու ոգեղէն ներկայութիւնդ կը հասնի իրենց եւ կը գօտեպնդէ զիրենք ըլլալու քաջ եւ վճռական։ Քու կարօտդ կը մաշէ զիս որպէս մայր եւ քու ներկայութեանդ բաղձանքը կը հեծծէ իմ հոգիս։ Օգնէ ինծի որ դիմանամ այս խոր ցաւին որ քու կորուստովդ ինծի բաժին ինկաւ։ Հանգչիր խաղաղութեան մէջ սիրելի Տիգրան Աստուծոյ ներկայութեան, մինչեւ մենք բոլորս միանանք իրար հետ յաւիտենականութեան մէջ։

Վշտահար մայրդ՝ Ազատուհի