Զելենսքին յայտարարած է, որ Թրամփի առաջարկած «անվտանգութեան համաձայնագիրը» կրնայ հաւանական վտանգ ներկայացնել։
«Ռուսիոյ կողմէ որեւէ ազդանշան չեմ տեսներ, թէ անոնք պատրաստ են որեւէ քայլի դիմելու։ Ահա թէ ինչո՛ւ, իմ կարծիքով, սա վտանգաւոր է։ Երբ անոնք չեն ուզեր խօսիլ այս պատերազմի աւարտին մասին, նկատի ունիմ Ռուսիան, այլ կ՚ուզեն Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան նոր ենթակառոյց ստեղծել։ Սա վտանգաւոր է», ըսած է Զելենսքին՝ CNN-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
Ըստ անոր՝ Թրամփի առաջարկած գաղափարը Եւրոպային համար աւելի մեծ վտանգներ կը պարունակէ, քան Ուքրանիոյ։
«Մենք Եւրոպայի մէկ մասը չենք կազմեր. այդ ուղղութեամբ կը շարժինք, սակայն Եւրոպական Միութեան անդամ չենք։ Մենք նաեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ չենք։ Հետեւաբար, ես ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անունով չեմ խօսիր, սակայն սա բոլորիս համար վտանգաւոր է։ Մենք բոլորս Եւրոպայի մէջ կ՚ապրինք։ Չենք ուզեր «Եալթա 2»։ Պատրաստ չենք նման ձեւաչափի։ Չենք ուզեր, որ Ռուսիան մեզ բաժնէ։ Եւ, անշուշտ, ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ անկախ պետութեան համար հիմնական հարցեր են»։