image

Ճանչնանք մեր բառերը (11)

 Ճանչնանք մեր բառերը (11)

  1. Հետաքրքիր ընթերցող մը,-- մեկնելով իմ նախորդ յօդուածէս, ուր ըսած էի,  որ հնդեւրոպական nomn սկզբնաձեւը հայերէն դաrձած է անուն,-- հարց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է նման մեծ փոխակերպում մը եւ անցնիլ մէկէն միւսին: 

       Սկսելու համար ըսեմ, որ  անուն-ը գումարն է երկու փոփոխութեանց.

ա) Առաջինն է բառիս սկիզբը աւելցած  ա ձայնաւորը, որ աճական մըն է, այսինքն ՝ անիմաստ ձայնաւոր մը, որ հայերէնի  մէջ եկած  թառած է անոր առջեւը, ինչպէս պատահած է շատ ուրիշ բառերու: Հնդեւրոպական միւս լեզուներէն աճականով օժտուած է յունարէնը եւս, որ կ’ըսէ (օ)noma:  

բ)  Երկրորդը՝  մ>ւ փոփոխութիւնն է՝  (ա)նոմն>(ա)նուն:

Շատ արտասովոր ու բարդ հնչիւնափոխութիւն մըն է  այս, որու  առթիւ կը գոհանամ տալով այլ օրինակներ՝ հաստատելու համար անոր  հաւաստիութիւնը: 

Ծանօթ.– Զիրար փոխարինելու յատկութիւն ունեցող հնչիւնները կամ տառերը կը կոչուին լծորդ: Ուրեմն մ  եւ ւ  հայերէնի մէջ լծորդ եղած են: 

Մեր մրջիւն բառը ունի հին տարբերակ մը, որ է մրջիմն (մ>ւ). անոնք երկուքով կը գտնուին   «Նոր հայկազեան»-ի մէջ, հանդերձ այլ զուգադիր կազմութիւններով. 

մրջիմնոց-մրջիւնոց

մրջիմնառիւծ-մրջիւնառիւծ

մրջիմնակեր-մրջիւնակեր

որոնց բոլորը վկայուած են  Ե. դարէն եւ որոնց  մէջ ունինք մ>ւ  լծորդութիւնը:

Պարսկական պաշտաւն բառը,– որ հետագային դարձած է պաշտօն (աւ>o),–պէտք է ունեցած ըլլայ պաշտամն տարբերակ մը (ուրեմն՝ մ>ւ), քանի աւանդուած են պաշտաման եզակի  սեռականը, պաշտամունք յոգնակին,– որ կը գտնուի աշխարհաբարի մէջ եւս,– պաշտամանց յոգնակի սեռականը (տե՛ս «Նոր հայկազեան»):

Կը կարծեմ, թէ այս  օրինակները, որոնք պատահականութեան արդիւնք  չեն,  գումարած  nomn > (ա)նուն  զոյգին վրայ, բաւարար են փարատելու ամէն կասկած, որ կը վերաբերի մ>ւ  լծորդութեան վաւերականութեան:

Մեզի ծանօթ հնդեւրոպական այլ լեզուներ անվթար պահած են  m հնչիւնը. յունարէն՝ օnoma, լատիներէն՝ nomen , գերմաներէն ու անգլերէն՝ name, իտալերէն՝ nome, շուետերէն՝ namn, ֆրանսերէն՝ nom:

Ասոնց մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանի է անգլերէնը, որ ունի noun տարբերակ մը, որ բոլորովին համահունչ  է հայերէնին՝ (ա)նունnoun:

3. Մ  եւ ն  լծորդութիւն

Ասոնք  ռնգային հնչիւններն են, այսինքն՝ ասոնց արտասանութեան առթիւ օդը ոչ թէ բերնէն, այլ ռունգերէն դուրս կու գայ: Ուրեմն ունին բնական լծակցութիւն մը:

Աստուածաշունչի  գրաբար տարբերակին մէջ  ունինք՝

անբիծ՝  9  անգամ

ամբիծ՝  21 անգամ

Այս նոյն երկւութիւնը որոշ չափով կը յամենայ մինչեւ մեր օրերը. թէեւ գրեթէ հանրօրէն ընդունուած է անբիծ ուղղագրութինը, սակայն ամբիծ գրողներն ալ ընդմիշտ  չեն պակսիր.  այս պահուս կը յիշեմ մասնաւորաբար  «Հասկ»-ը:

Ինչո՞ւ այս տատանումը, ըսենք՝ այս երկւութիւնը:

Եթէ փորձէք ասոնք ինքներդ արտասանել ու եթէ կարենաք վերլուծել ձեր սեփական արտասանութիւնը,  պիտի նկատէք, որ  շատ աւելի հեշտ է արտասանել ամբիծ, քան թէ անբիծ:  Ամբիծ-ը գրեթէ մէկ շունչով  կ’արտասանուի, մինչ անբիծ արտասանելու համար պարտաւոր էք ան-էն ետք առնել շատ փոքրիկ՝ ակնթարթային դադար մը, ինչպէս նաեւ ան-ին ետեւը աւելցնել շատ խուսափուկ, կոտորակային «ը» մը, ապա շարունակել արտասանութիւնը ու աւարտին հասցնել զայն՝ ան-բիծ:

Պարագան նոյնն  է  երեք երկշրթնային պայթականներուն՝ բ, պ, փ, որոնցմէ առաջ միշտ պիտի կրէք  «ն» արտասանելու դժուարութիւնը, եւ արդէն չէք արտասաներ, այլ կը շրջանցէք  զայն ու մեքենաբար կ’արտասանէք «մ» : 

Այսպէս՝ դուք կը կարծէք, թէ կ’արտասանէք կամ կը մտադրէք արտասանել՝ անբան, անպարփակ, անփառունակ, մինչդեռ անզգալաբար կ’արտասանէք՝ ամբան, ամպարփակ, ամփառունակ:  

Այս դժուարութիւնը յատուկ է շատ ուրիշ ժողովուրդներու եւս:

Հայուն արտասանական դժուարութիւնը   յիշեալ պայթականներէն  առաջ է միայն, եւ  ն-ին կրած փոփոխութիւնը սահմանափակ է. ան միայն  «մ» կրնայ դառնալ:

Եւրոպական լեզուներու մէջ այս դժուարութիւնը շատ աւելի տարածուն է, օրինակներս կ’առնեմ ֆրանսերէնէն:

Ֆրանսացին, արտասանելու համար իր  in նախածանցը,– որ համարժէք է մեր  ան-ին,– չորս տարբեր փոփոխութիւններու կ’ենթարկէ զայն.  օրինակ՝

             ա) dolent in-dolent

բ)   possible im-possible

գ)   régulier ir-régulier

դ )  légal il-légal

Ուրեմն վերադառնալով Աստուածաշունչի ամբիծ եւ անբիծ օրինակներուն պիտի ըսենք հետեւեալը. առաջինը հիմնուած է արտասանութեան վրայ. զայն գրողները արձանագրած են բառը այնպէս, ինչպէս արտասանած են: Մինչ երկրորդը գրողները հիմնուած են անոր ստուգաբանութեան վրայ, այսինքն՝ նկատի ունեցած են, որ ան բիծ բառն է, որ օժտուած է ան ժխտական նախածանցով, եւ այս վերջին սկզբունքին է որ կը հետեւի հայերէնը,  ինչպէս՝ ան-բան, ան-բաւ, ան-բնակ,  ան-պատեհ, ան-պարտ, ան-պէտ, ան-փառունակ, ան-փորձ, ան-փոփոխ եւ այլն: 

Սակայն ուրիշ է կացութիւնը այն փոխառութիւններուն, որոնց  ստուգաբանութիւնը ծանօթ չէ եղած միջին հայուն. այսպէս՝ ամբար, ամբարիշտ, ամբոխ, ամպ եւ  այլն, որոնք բոլորը  ան-ով կը սկսին պարսկերէնի մէջ:

Պարագան նոյնն է նաեւ ութիւն-ով վերջացող բառերու գործիականին. օրինակ՝ պատմութեան սեռականը պէտք է տար պատմութեան+բ, սակայն մերոնք գրած են պատմութեամբ (ն>մ), այսինքն՝ այնպէս, ինչպէս արտասանած են:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com