image

Ճանապարհներու հարցը անվտանգ չէ. Փաշինեան

Ճանապարհներու հարցը անվտանգ չէ. Փաշինեան

Մայիս 29-ին, վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան Շենգաւիթի շտաբէն ներս հանդիպած է իր համակիրներուն հետ:

Այն հարցին թէ արդեօ՞ք ճանապարհներ ապաշրջափակելը վտանգաւոր չէ ներկայ պայմաններուն եւ կարելի՞ է արդեօք վստահիլ Ատրպէյճանին, Փաշինեան պատասխանած է. «Ցաւօք սրտի, ժամանակակից կեանքում ոչ մի բան անվտանգ չի: Օրինակ՝ տնից դուրս գալը վտանգաւո՞ր է, թէ՞՝ վտանգաւոր չէ։ Ի հարկէ, վտանգաւոր է»:

Քաղաքացին հակադարձած է ըսելով, որ այս հայրենիքի հարցն է եւ ոչ թէ տան, որուն ի պատասխան՝ Փաշինեան նշած է. «Երբ որ մենք տնից դուրս ենք գալիս, Աստուած չանի, դա վտանգ է, որ կարայ պատահար լինի, արեւի տակ մնանք, արեւահարուենք եւ այլն։ Տանը մնանք՝ էդտեղ էլ վտանգ կայ»: