image

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցը Վան Նայս․ Շնորհք Քահանայի Ծառայութեան 35 Ամեակը

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցը Վան Նայս․ Շնորհք Քահանայի Ծառայութեան 35 Ամեակը

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացումը, ծուխերու առաքելութեան առաւել ամրապնդումը, հաւատացեալներու համընդհանուր մասնակցութեան խթանումը եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդի ներգրաւումը եկեղեցական կեանքին մէջ կը շարունակեն առանցքային տեղ գրաւել Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովուական տեսլականին մէջ։ Սրբազան Հայրը հետեւողականօրէն կը շարունակէ Արեւմտեան Թեմի ծուխերուն իր հովուական այցելութիւնները՝ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ, Աստուծոյ կենարար Խօսքի քարոզութեամբ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ հայրական հաղորդակցութեամբ՝ նորոգելով անոնց հոգեւոր կեանքը եւ զօրացնելով համայնքներու եկեղեցական ու ծառայական առաքելութիւնը։ Այս հեռանկարով, Կիրակի, 9 Օգոստոս 2026-ին, Սրբազան Հայրը հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Վան Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցի, ուր հանդիսաւորապէս նշուեցաւ համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեանի քահանայական ձեռնադրութեան օծման եւ ծառայութեան 35-ամեակը։

Օրուան պատարագիչն էր Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հօր առընթերակայ եղան համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեան եւ օգնական հովիւ Արժանապատիւ Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեան։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ծխական Խորհուրդի եւ եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու անդամները, եկեղեցւոյ սպասաւորները եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք եկած էին հաղորդուելու օրուան խորհուրդին հետ, լսելու Սրբազան Հօր պատգամը եւ շնորհաւորելու իրենց հոգեւոր հովիւը՝ քահանայական ձեռնադրութեան 35-ամեակին առիթով։

Որպէս քարոզի բնաբան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընտրած էր օրուան Սուրբ Աւետարանէն հետեւեալ խօսքը. «Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Որդեա՛կ, մեղքերդ ներուած են քեզի»» (Մարկոս 2.5)։ Անդրադառնալով անդամալոյծի բժշկութեան աւետարանական դրուագին՝ Սրբազան Հայրը յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ այն անձերու հաւատքը, որոնք իրենց անդամալոյծ ընկերը Քրիստոսի մօտ բերին։ Անոնց հաւատքը պարզ համոզում մը չէր, այլ՝ գործով արտայայտուած հաւատք՝ ներշնչուած սիրով, նուիրումով եւ մերձաւորին ծառայելու պատրաստակամութեամբ։ Ոչ մէկ արգելք կամ դժուարութիւն կրցաւ կասեցնել զիրենք. հաւատքի զօրութեամբ անոնք ճանապարհ հարթեցին, որպէսզի կարիքաւոր մարդը հասնի Քրիստոսի բժշկարար ներկայութեան։

Աւետարանական այս պատգամին ու խորհուրդին մէջ Սրբազան Հայրը նաեւ տեսաւ Եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր հովիւին առաքելութիւնը։ Եկեղեցին կոչուած է Քրիստոսի մօտ բերելու մարդը, իսկ քահանան՝ իր քարոզով, աղօթքով, Խորհուրդներու մատակարարութեամբ եւ անձնուէր հովուական ծառայութեամբ, առաջնորդելու իրեն վստահուած հօտը դէպի Քրիստոս։ Քահանայական կոչումը այս իմաստով հովիւին եւ ժողովուրդին միջեւ հաւատքի ճանապարհորդութիւն մըն է, ուր ծառայութեան տարիները կ՚արժեւորուին այն անհամար հոգիներով, որոնք անոր միջոցով մխիթարուած, զօրացած եւ Քրիստոսի մօտ առաջնորդուած են։

Այս առիթով Սրբազան Հայրը ջերմօրէն շնորհաւորեց Արժանապատիւ Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեանը քահանայական ձեռնադրութեան օծման եւ ծառայութեան 35-ամեակին առիթով։ Ան բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ անոր երկարամեայ հովուական վաստակին եւ Սուրբ Պետրոս Հայասատանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին մատուցած նուիրեալ ծառայութեան՝ մաղթելով, որ Աստուած իրեն շնորհէ քաջառողջութիւն, հոգեւոր անսպառ եռանդ եւ ծառայութեան նորանոր տարիներ։

Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ Տէր Հօր քահանայական ծառայութեան 35-ամեակը երախտագիտութեան եւ ուրախութեան առիթ է նաեւ ամբողջ համայնքին համար, որ տարիներ շարունակ իր հոգեւոր հովիւին հետ միասին, հաւատքով եւ նուիրումով կը շարունակէ իր եկեղեցաշէն ու ազգակերտ առաքելութիւնը։ Այս առումով Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ս. Պետրոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, կրթական եւ երիտասարդական կառոյցներուն եւ համայնքի բոլոր անդամներուն, որոնք իրենց նուիրումով եւ գործօն մասնակցութեամբ կը շարունակեն զօրացնել համայնքին հոգեւոր եւ ազգային կեանքը։

Անդրադառնալով Արեւմտեան Թեմի ծուխերու առաքելութեան՝ Սրբազան Հայրը ընդգծեց համայնքներու հոգեւոր եւ եկեղեցական կեանքը շարունակաբար վերանորոգելու հրամայականը։ «Աստուծոյ Խօսքի մատակարարութիւնը, հոգեւոր ու կրթական կեանքի զարգացումը, ընտանիքներու համախմբումը եւ նոր սերունդներու հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը պէտք է շարունակեն կազմել մեր ծուխերու առաքելութեան առանցքը», շեշտեց Սրբազան Հայրը։ Այս տեսլականը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ 2027 թուականին ընդառաջ, երբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմը պիտի նշէ իր հաստատման 100-ամեակը։ Դարադարձային այս հանգրուանը ոչ միայն անցնող հարիւրամեակի վաստակը երախտագիտութեամբ արժեւորելու առիթ մըն է, այլ նաեւ նոր յանձնառութեամբ երկրորդ հարիւրամեակ մուտք գործելու հրաւէր։ Հետեւաբար, Արեւմտեան Թեմի բոլոր ծուխերը կոչուած են վերանորոգելու իրենց ծառայական առաքելութիւնը, աշխուժացնելու համայնքային կեանքը եւ նոր սերունդներուն առաւել լայն մասնակցութեամբ նոր հորիզոններ բանալու Եկեղեցւոյ ապագային առջեւ։

Սուրբ Պատարագի արարողութենէն ետք յատուկ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուեցաւ Գարակէօզեան սրահին մէջ՝ Արժանապատիւ Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 35-ամեայ յոբելենական կարկանդակի հատումով։ Ջերմ ու տօնական մթնոլորտի մէջ ներկաները իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին յոբելեարին։

Քահանայական ծառայութեան այս նշանակալից հանգրուանը դարձաւ երախտագիտութեան, ուրախութեան եւ միասնականութեան գեղեցիկ առիթ։ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Վան Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեանին և երէցկին Լիտիային, եւ Սուրբ Պետրոս Հայաստանեանց Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, մաղթելով ծառայական նորանոր իրագործումներ եւ համայնքային կեանքի շարունակական վերելք։ 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
10 Օգոստոս 2026