image

Տասնեակ Եզիտի Կիներ Անձնասպան Կ'ըլլան` Խուսափելու ISIS-ի Բռնաբարումէ

Տասնեակ Եզիտի Կիներ  Անձնասպան Կ'ըլլան` Խուսափելու  ISIS-ի  Բռնաբարումէ

 Լիբանան-  («Ալ Նահար»- Պէյրութ) Լիբանանեան «Ալ Նահար» թերթը իր  տեղեկութիւնները  ISIS-ի ահաբեկիչներէն   Եզիտիուհիներ ազատագրելու գործողութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած անձերէ ստանալով, կը գրէ, թէ  տասնեակ եզիտուհիներ անձնասպանութեան դիմած են` ISIS-ի գրոհայիններու   տանջանքէն «ազատուելու» համար: Աղբիւրը  նաեւ  մէջբերած է «Մէյլ Ան Լայն» կայքէն  Ամինա Սաիիտ Հասանի հետ ըրած  հարցազրոյցը,  որ Եզիտի մայր մըն է  եւ  կը վարէ «փախուստի գործողութիւնը»:  Ան կապ ունի   ISIS-ի մօտ գտնուող Եզիտի երիտասարդուհիները ազատագրելու հետ, սկսեալ իր տունէն, գործակցելով գործարար Ապու Շուճային (դիւցազն) հետ, մօտ 400 անձի փախուստին օգնելուն համար: Անոնք պատմած են, թէ այն աղջիկները, որոնք կը ձախողին փախչիլ, անձնասպան կ'ըլլան, որպէսզի ստիպուած չըլլան տանիլ յաւելեալ օր մը բռնաբարութիւն, տանջանք եւ ծեծ, զիրենք առեւանգողներու ձեռքով:Ամինա Սաիիտ Հասան` Իրաքեան նախկին պատգամաւորուհի,  ըսած է. «Շատ մը երիտասարդուհիներ  ISIS-ի մօտ գտնուելուն յուսահատեցան եւ նախընտրեցին անձնասպանութիւնը, երբ չկրցան վերադառնալ»: 36 ամեայ Ամինա եւ ամուսինը` Խալիլ,  իրականացուցին հարիւրաւոր երիտասարդուհիներու փախուստը, սակայն անոնց փախուստի փորձը երբեմն յաջողութեամբ չի պսակուիր: Ամինա   կը պատմէ, որ շատ մը երիտասարդուհիներու հետ կապը կորսնցուցին, եւ ինք վստահ է, որ անոնք ինքնասպանութիւն գործեցին  եւ աւելցուցած է, որ իր  մօտ անձնասպանութիւն գործած երիտասարդուհիներու նկարներ կան: Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ,  թէ ISISի գրոհայինները առեւանգած են աւելի քան 500 Եզիտի կին եւ երիտասարդուհի, երբ անցեալ Օգոստոսին մուտք  գործած են  Սնճարի շրջան եւ մորթած են մօտ հինգ հազար տղամարդ: