image

Ռուս յայտնի «Պլոքըր»ի կինը անձնասպան եղած է. Յայտնի է՞ պատճառը

  Ռուս յայտնի «Պլոքըր»ի կինը անձնասպան եղած է. Յայտնի է՞ պատճառը

 Հայրենի ԶԼՄ-ներ երէկուընէ ի վեր կը գրեն ռուսազգի յայտնի լրագրող- «Պլոքըր»-ի՝ Ալէքսէյ Ռոմանովի կնոջ մահուան մասին։

 Լուրի տարածումէն ետք յայտնի դարձած է, որ լրագրողի կինը, ոչ թէ մահացած կամ սպաննուած է այլ անձնասպան եղած է։

 Աւելի ուշ «Պլոքըր»ը ինք գրառումով մը հանդէս եկած է նշելով, որ իր տիկինը անձնասպանութիւն գործած է միակ դստեր մահուան հետ չհաշտուելով։

«Շատ տխուր է յայտնելիք լուրս, կինս պարզապէս չդիմացաւ մեր դստեր կորուստին ու ան ալ մեզմէ հեռացաւ ...»,- գրած էր ան ։

 Նշենք, որ լրագրութեան մէջ երկար ճանապարհ կտրած Ալեքսէյ Ռոմանով կը համարուէր ընդդիմադիր լրագրող եւ ան տարբեր առիթներով ստիպուած եղած էր լքել Ռուսաստանը, ապրելով յատկապէս Վրաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ շրջան մըն ալ գտնուելով Հայաստանի մէջ։

Ան աշխոյժ  կերպով լուսաբանած է 2018 թուականին Հայաստանի մէջ եղած դէպքերը եւ յատկապէս «Թաւշեայ յեղափոխութեան» օրերուն եղած զարգացումները, լուսանկարուելով նոյնիսկ Վարչապետ Փաշինեանին հետ։ 

 Նշենք, որ եղած դէպքին շուրջ ՀՀ ոստիկանութիւնը կը կատարէ հետաքննութիւն։