Սուրիա- Տարեց Հայ կին մը սպաննուած է «Ժըսր Ալ Շուղուր»- Եագուպիյէ շրջանին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Ալ Նըսրա» ճակատի գործունէութիւնը դատապարտող Ֆէյսպուքեան էջի մը վրայ: Նշենք, որ հայուհին կը կոչուի Մարին Մուսա Փանոս եւ ան պատերազմի ամէնէն թէժ հանգրուաններուն մերժած է լքել իր տունն ու հեռանալ շրջանէն: «Ալ «Նըսրա ճակատ»ի ահաբեկիչները ձայնարգել ատրճանակով կրակ բացած են հայ կնոջ վրայ , որ մահացած է աւելի ուշ: Սպաննուած Մարի Փանոս 60 տարեկան է: