Կը խնդրենք բոլորէն, հնարաւոր բոլոր միջոցներն օգտագործել՝ թէ՛ ճնշելու, թէ՛ պահանջելու բոլոր միջազգային եւ տեղական հեղինակութիւններէն, իշխանութիւններէն եւ բոլոր հնարաւոր այն երկիրներէն, որոնք որեւէ ձեւով այս հարցին կրնան անդրադառնալ եւ ազդեցութիւն ունենալ, որպէսզի բացուի կեանքի ճանապարհը: Որպէսզի ուշ չըլլայ, ինչպէս երէկ, չշարունակուին մահուան դէպքերը:
Յայտարարած են ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի դիմաց բողոքի հաւաք իրականացնող արցախցիները:
Բողոքի հաւաքի անդամները անդրադարձած են երէկուան սովամահութեան դէպքին, ըսելով, որ 120 հազար մարդէն արդէն ունինք 119,999 մարդ, եւ այս թիւերը զուտ թիւեր չեն, այլ իրենց հարազատներն են, իրենց ընտանիքները:
«Խնդրում ենք ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհրդից պահանջէք, որպէսզի այսօրուայ նիստը առաւելագոյնը տայ, որպէսզի Ադրբեջանը կասեցնի իր ցեղասպան քաղաքականութիւնը»,- ըսած են անոնք: