image

Սուրիոյ շուրջ զարգացումները կրնան ծանր բնոյթ ունենալ մեզի համար․ Աբրահամեան

Սուրիոյ շուրջ զարգացումները կրնան ծանր բնոյթ ունենալ մեզի համար․ Աբրահամեան

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծայրայեղ վտանգաւոր զարգացումներն ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւն պիտի ունենան նաեւ Հարաւային Կովկասի վրայ։ Դիմատետրեան էջին այս մասին գրած է քաղաքագէտ, ՀՀ ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանը։

«Իսկ մեր դէպքում այն առաւել ծանր բնոյթ կարող է կրել ՀՀ իշխանութեան անհաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութեան եւ կառավարման համակարգի անարդիւնաւէտութեան պայմաններում»,– նշած է ան:

Քաղաքագէտի խօսքով՝ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու իրականացուցած յարձակումը Պաղեստինի եւ Լիբանանի դէմ իրականացուած գործողութիւններու շղթայի մաս է, յաջորդ թիրախը կրնայ Իրաքը դառնալ։

«Մերձաւոր Արեւելքը տարբեր փուլերում միջազգային դերակատարների բախման թատերաբեմ է, իսկ այս դէպքում կոնկրետ շահագրգռուածութիւն են դրսեւորում ռեգիոնալ պետութիւնները, առաջին հերթին` Թուրքիան»,- գրած է Աբրահամեանը։

Ան նշած է, որ Սուրիոյ, Լիբանանի պարագային Հայաստանի շահագրգռուածութիւնը ոչ միայն տարածաշրջանային անվտանգութեան պարունակի մէջ է, այլ նաեւ այդ երկիրներու մէջ հայկական համայնքներու գոյութեամբ եւ աշխուժութեամբ:

Քաղաքագէտն ընդգծած է, որ տեղի ունեցողն աշխարհաքաղաքական կեդրոններու ազդեցութեան պայքարէն բացի Իրանի դէմ իրականացուող արշաւ է, որ ինչ-որ փուլի կրնայ ուղիղ առճակատում դառնալ Իրանի հետ: