image

Սուրիոյ մէջ. Զոհուած են «Քաստ»ի անդամ 6 զինեալներ

Սուրիոյ մէջ. Զոհուած են «Քաստ»ի անդամ 6 զինեալներ
ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ գործող «Սուրիոյ ժողովրդավարական ​​ուժեր»   (قوات سوريا الديمقراطية) զինեալ խմբաւորումը յայտարարած է իր 6 զինեալներու սպանութեան մասին՝ պնդելով, որ անոնք սպանուած են սուրիական բանակի կողմէ վերահսկուող շրջաններէն սկսած յարձակման հետեւանքով, եւ կը խոստանայ պատասխանել։

«Սուրիոյ ժողովրդավարական ​​ուժեր» («Քաստ») խմբաւորումը յայտարարած է իր 6 զինեալներու սպանութեան մասին՝ սուրիական բանակի կողմէ վերահսկուող տարածքներէն անօդաչու թռչող սարքի միջոցաւ։

Յարձակումը, որ, ըստ «Քասատ»ի պնդման, կատարած է սուրիական բանակը, թիրախաւորած է Տէր ալ-Զօրէն արեւելք գտնուող Ալ-Օմար նաւթային հանքավայրին մէջ գտնուող ուսումնական ակադեմիան։

Այսօր՝ երկուշաբթի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ «Քաստ» հաստատած է «յարձակման աղբիւրին համապատասխան ռազմական պատասխան տալու իր իրաւունքը»:

Նշենք, որ օրեր առաջ կատաղի մարտեր տեղի ունեցած են Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ գործող «Ազգային բանակ»ի զինեալներու եւ «Քաստ»ի զինեալներու միջեւ՝ Հալէպ քաղաքի հիւսիսային գիւղերու՝ Ճալպալ եւ Քիմար գիւղերու առանցքներէն «Քաստ»ի կատարած ներթափանցման փորձէն ետք, որուն ուղեկցած է փոխադարձ հրետակոծութիւն։

Ասոր նախորդած էր Ռաքքայի մէջ «Քաստ»ի չորս հրամանատներու սպանութիւնը,  Ալ-Թարքիպաթ թաղամասին մէջ գտնուող կազմակերպութեան ռազմական շտաբներիէն մէկուն մէջ եղած անյայտ պայթումի հետեւանքով։

 

Լուրը ՝արաբական ԶԼՄ-ներէ, համադրումը՝ «Արեւելք»ի