image

Սուրիական Զօրքը Ռուսական Օդուժի Հրթիռակոծման Օժանդակութեամբ Շրջաններ Կը Վերադարձնէ

Սուրիական Զօրքը Ռուսական Օդուժի Հրթիռակոծման Օժանդակութեամբ  Շրջաններ Կը Վերադարձնէ

Սուրիա- ( New TV- Պէյրութ)  Ըստ « Ալ Ժատիտ»  կայանին , կիրակի օր ռուսական  կործանիչները  ռմբակոծած են «Իսլամական պետութեան» չպատկանող ընդիմադիրներուն կեդրոնները:  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հրթիռարձակումները մէկը օգնած են, որ   Սուրիոյ բանակը  գետնի վրայ յառաջացում արձանագրէ  եւ  որոշակի տարածքներ  իր հակակշռին  վերադարձնէ   նոր  հարուած մը տալով Ուաշինթընի եւ իր դաշնակիցներուն: Նոյն աղբիւրը  նաեւ կը հաղորդէ, որ սուրիական մարդու իրաւունքներու դիտորդները ըսած են, թէ սուրիական զօրքը եւ դաշնակից «Հըզպալլա»ի ջոկատներ  վերատիրացած են  Իտլիպ նահանգի Թէլ Սքէք գիւղաքաղաքին, ռուսական կողմէն  զօրաւոր ռմբակոծումէ ետք: Այսպիսով սուրիական պետական զօրքերը աւելի մօտ կ'ըլլան այն կեդրոններուն, որոնց կը տիրապետեն հակամարտողները, Սուրիոյ մեծ քաղաքները իրարու կապող արագ ճամբու երկայնքին:

Հակամարտող «Ժապհաթ Նուսրա»ի առաջնորդ, հարիւրապետ Ապու Ահմատ, որ Հոմս նահանգի մէջ աշխոյժ գործունէութիւն   կը տանի  կ'ըսէ, թէ«Մօտ օրէն գալիք պատերազմը սաստիկ պիտի ըլլայ, ռուսները կը կիրառեն այրած տարածքի քաղաքականութիւնը, ռմբակոծելով դիտակէտերը մանրակրկիտ եւ կեդրոնացած ձեւով: Սա պատերազմ է լինել կամ չլինելու, հետեւաբար հերոսութիւն կը սպասուի, մենք պաշտպան ենք հիմնահարցի եւ սկզբունքի  ընդդէմ  ռուսական բռնատիրութեան»եւ  աւելցուցած, թէ թէ Սուրիական զօրքը կը յառաջանայ Համա նահանգի Մորէք եւ Աթշան գիւղաքաղաքներէն գործածելով նոր ու ծանր հրասայլեր եւ ցամաքային հրթիռներ:Ռուսական պաշտպանութեան նախարարութիւնը Կիրակի օր հրապարակեց , որ իր օդուժը 64 օդային չուերթներ կատարած է, 63 թիրախներ հարուածած եւ 53 ամրակուռ կեդրոններ կործանած, 24 ժամուան ընթացքին: Նախարարութիւնը յայտնեց թէ բոլոր թիրախները կը պատկանին «Իսլամական պետութեան» հակառակ անոր, որ հրթիռակոծուած գրեթէ բոլոր շրջանները ծայրահեղականներու տիրապետութենէն դուրս կ'իյնան:

Սուրիական հեռատեսիլը եւս հրապարակեց, որ  բանակային ուժեր տիրապետած են Թէլ Սքէքին:

«Զինուորական ընդարձակ գործունէութիւնը, որ կը կատարեն ցամաքային զօրքերը վստահելով ռուսական եւ սուրիական օդուժի աջակցութեան, կը պայքարին տարածքաշրջանին «ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ»:

Այս առընչութեամբ Սուրիական դիտորդը եւ «Մայատին» կայանը ըսին թէ Հըզպալլայի  մեծ առաջնորդ մը սպաննուած է պետական զօրքերու կողքին կռուած ատեն: