Reuters գործակալութիւնը կը գրէ, որ Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով զոհուած են Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ ՆասիրԶատէն եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար Մոհամմետ Փաքփուրը։ Այս մասին Reuters-ին տեղեկացուցած են Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ տարուող ռազմական գործողութիւններուն ծանօթ աղբիւրներ։
Աւելի վաղ Times of Israel-ը տեղեկութիւններ տարածած էր, որ Իսրայէլի հարուածներուն թիրախ դարձած են Իրանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ, ներառեալ հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէին եւ նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը։ Լրատուամիջոցը գրած էր, թէ հարուածներու արդիւնքներուն մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան։
IRNA գործակալութիւնն ալ աւելի վաղ տարածած էր Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի որդւոյն յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ իր հօր դէմ մահափորձը ձախողած է, եւ անոր հետ ամէն ինչ կարգին է։
Պաշտպանութեան նախարարին եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատարին մահուան լուրերը իրանական լրատուամիջոցներու կողմէ չեն հաստատուած։