image

Ամերիկացիք զարմացած Իրանի առաջին հակադարձումէն

Ամերիկացիք զարմացած Իրանի առաջին հակադարձումէն

Ամերիկացիք զարմացած են Իրանի այսքան արագ եւ լայնատարած հակազդեցութիւնէն. Խաղը բաց է բոլոր մակարդակի զարգացումներու դիմաց.

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք

Կարեւոր արձագանգ մը The Wall Street Journal-էն, որուն հաղորդմամբ  Միացեալ Նահանգները մինչեւ այժմ չեն բախած (իրենց օտարերկրեայ ռազմակայաններուն դէմ) միաժամանակեայ յարձակումներու այսպիսի լայնածաւալ ալիքի։ Պարբերականը նաեւ այս արձագանգին յղում տուած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը։

Խորքին մէջ տեղեկութիւնը կը վկայէ, որ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը կը մտնէ նոր եւ աւելի վտանգաւոր փուլ։ Հարցը այլեւս առանձին դէպքերու կամ սահմանափակ միջադէպերու մասին չէ, այլ՝ միաժամանակ եւ տարբեր կէտերու վրայ գործադրուող ճնշման։

Ամերիկեան ռազմակայանները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տարիներէ ի վեր կը ծառայեն որպէս զսպման եւ ռազմավարական ներկայութեան հիմնասիւներ։ Երբ այդ կեդրոնները կը դառնան միաժամանակեայ թիրախներ, ուղերձը պարզ է՝ ամերիկեան ներկայութիւնը կը փորձուի ցուցադրել որպէս խոցելի եւ մաշեցման ենթակայ։

Իրանի համար, եթէ ան ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կապ ունի այս զարգացումներուն հետ, նման մարտավարութիւնը կրնայ ունենալ մի քանի նպատակ․ ճնշում բանեցնել Ուաշինկթընի վրայ, ամրապնդել սեփական բանակցային դիրքերը, կամ ցուցադրել, որ տարածաշրջանին մէջ Իրանն ունի ազդեցութեան բազմաշերտ գործիքակազմ։ Թեհրան աւանդաբար կը նախընտրէ անուղղակի ազդեցութեան ձեւերը՝ գործելով դաշնակից ուժերու կամ տեղական խմբաւորումներու միջոցաւ։

Սակայն վտանգը յստակ է։ Միաժամանակեայ յարձակումներու շղթան կրնայ շատ արագ վերածուիլ փոխադարձ լայնածաւալ հարուածներու։ Այդ պարագային, բախումը այլեւս սահմանափակ չի մնար, այլ կրնայ տարածուիլ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ՝ ներգրաւելով նոր դերակատարներ եւ ստեղծելով անկանխատեսելի հետեւանքներ։

Բացի ռազմական հարթակէն, հետեւանքները քաղաքական եւ տնտեսական ալ պիտի ըլլան։ Նաւթային շուկաները, ծովային փոխադրութիւնները եւ միջազգային անվտանգութեան համակարգը զգայուն են նման ցնցումներու նկատմամբ։

Ամփոփելով՝ ստեղծուած իրավիճակը կը բնորոշուի որպէս վերահսկելի, բայց փխրուն լարուածութիւն։ Եթե կողմերը չընտրեն զսպման ուղին, փոքր կայծ մը բաւարար կրնայ ըլլալ լայն բախումի դուռ բանալու համար։