image

«Սուփըրմարքէթ»ի կամ Wall Street-ի Հոգեբանութիւն/Մինաս Գոճայեան

«Սուփըրմարքէթ»ի կամ Wall Street-ի Հոգեբանութիւն/Մինաս Գոճայեան

Տարիներ առաջ մեր երախտաշատ եւ վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն ապա տնօրէնուհիներէն Տիկ. Սօսի Պետիկեան, ուսուցիչներու կողմէ իր ուշադրութեան յանձնուած արդար դժգոհութիւն մը ունկնդրելէ ետք (բարոյական եւ նիւթական գնահատանքի խնդրանքի մը առթիւ), պահ մը լուռ մնալէ ետք, սապէս պատասխանեց քիչ մը ընկճուած ձայնով.

- Դուք (ուսուցիչներդ) ընտրած էք աշխարհի ամենէն ապերախտ ասպարէզը. ուրիշ բան չեմ կրնար ըսել...

Տիկ. Ս. Պետիկեան ճանչցուած էր որպէս խիստ եւ «չոր» կրթական մշակ, բայց զինքը լաւ ճանչցողները եւ իր ներսիդին լաւ գիտցողները այդպէս չէին մտածեր իր մասին։

Երբեք պիտի չմոռնամ այդ պատասխանը։ Այնուհետեւ ե՛ւ ինք ե՛ւ իր գործակիցներէն շատեր (ներառեալ տողերուս հեղինակը) գիտնալով հանդերձ մերկ իրականութիւնը, մեր աչքի լոյսը տուինք, մեր երիտասարդութիւնն ու ամբողջ եռանդը դրինք մեր ասպարէզին մէջ եւ ծնողքի մը պէս ուրախացանք, հրճուեցանք ու հպարտացանք մեր աշակերտներուն յաջողութիւնները տեսնելով։

Յարգելով բացառութիւնները, առանց քաշուելու եւ բառերը ծածմծելու, խոհերս կը յանձնեմ տգեղ, շուկայական ու առարկայապաշտական մօտեցումներու մասին, զոր կը նոյնացնեմ «բաժնեթղթային» հոգեբանութեան հետ։

Զարգացած, կիրթ ու քաղաքակակրթութեան մէջ երկար ճամբայ կտրած երկիրներու մէջ բոլոր դասաւանդ ուսուցիչները կը գնահատուին նոյն չափանիշով։ Այսինքն, ուսողութիւն, գիտական առարկաներ, համակարգիչային գիտութիւն դասաւանդողները եւ լեզուներ, ընկերային առարկաներ, պատմութիւն, երաժշտութիւն եւ այլ նիւթեր դասաւանդողները կը գնահատուին ըստ իրենց վկայականներուն եւ տարիներու վաստակին։ Կոպիտ արտայայտութեամբ՝ «կրթական շուկային» մէջ անոնց արժեթղթերը նոյն գինը ունին։ Կրնա՞նք նոյնը ըսել հայկական դպրոցներու պարագային։ Այսինքն, որպէս կանոն եւ օրէնք անցեալին եւ հիմա, հայերէն, հայոց պատմութիւն, կրօնք եւ յարակից առարկաներ դասաւանդող հայ ուսուցիչները վարձատրուա՞ծ են եւ կամ կը վարձատրուի՞ն արդեօք նոյն չափանիշերով։ Կը կասկածիմ։

Ինչո՞ւ համար եւ բարոյական ի՞նչ սկզբունքներու հիմա վրայ հիմնուած է այս վիրաւորական վերաբերմունքը, դեռ աւելին՝ հայեցի կրթութիւն ու հայկական առարկաներ դասաւանդող ուսուցիչէն կը պահանջեն «գերագոյն» զոհողութիւններ, բայց նուազագոյն նիւթական վճարումով։ Չկայ աւելի վիրաւորական ու լլկող արտայայտութիւն կամ արձագանգ, երբ խնդրառկու ուսուցիչին կամ ուսուցչուհիին կ՚ըսուի. «Մեր պիւտճէն այսքան է...»։ Այսինքն՝ կ՚ուզես աշխատիր, չես ուզեր՝ ազատ ես...։ Այլ խօսքով՝ շուկայական հոգեբանութեամբ ու մօտեցմամբ՝ չես ուզեր մի՛ գներ։

Զոհողութեան դէմ չեմ։ Հայերէնի ուսուցիչներս, լաւ գիտակցելով մեր սրբազան պարտականութեան ազգակերտիչ անհրաժեշտութիւնը, յանուն հայեցի դաստիարակութեան ու կրթութեան եւ յօգուտ հայապահպանութեան, ստիպուած ենք համակերպիլ մեզմէ ակնկալուած զոհողութեան գաղափարին, պայմանով որ յարգուին նաեւ մեր ակնկալութիւնները, որովհետեւ մենք ալ մեր «առօրեայ ծախսերը ունինք», մենք ալ վճարումներ ունինք եւ նիւթական յանձնառութիւններու տակ ենք, երբեմն ալ՝ ծանր։

Դրուագով մը «զուարճացնեմ» ընթերցողը։

Տասնհինգ տարի առաջ ինձմէ խնդրուեցաւ հայերէնի «լաւ» ուսուցիչ մը գտնել իմ պաշտօնավարած դպրոցիս միջնակարգ եւ երկրորդական բաժնին համար։ Դժուար չեղաւ գտնելը։ Երիտասարդ ուսուցիչը ներկայացաւ, հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան հետ, կրթական մարմնի անդամները հարցազրոյց ունեցան հետը առանց զիս ընդգրկելու (թէեւ ես էի հայկական բաժանմունքի վարիչը...) եւ անմիջապէս ընդունեցին աշխատանքի։ Ուրախ էի եւ հպարտ որ իմ յանձնարարած անձնաւորութիւնը «հաւնուեր էր»։ Երիտասարդը գոհ էր եւ երախատագէտ իմ հանդէպ, մանաւանդ որ ի դերեւ չէին ելած իր յոյսերը կապուած աշխատավարձի հետ։

Քանի մը ամիս ետք պարզուեցաւ որ մեր նոր ուսուցիչը զգալիօրէն աւելի բարձր աշխատավարձ կը ստանար քան միւենոյն համալսարանէն շրջանաւարտ եւ նոյն վկայականները ունեցող եւ աւելի շատ տարիներու փորձառութիւն ունեցող ուրիշ ուսուցիչէ մը։ Երբ առիթով մը թեթեւակի կերպով այս մասին մեր զարմանքը յայտնեցինք «վերիններուն», մեզի տրուեցաւ աշխարհի ամենէն յիմար, անըմբռնելի ու արեւմտեան չափանիշերու խոտոր պատասխան մը, թէ՝ իրե՛նք (դպրոցին «տէրերը», իմա՝ կրթական կամ հոգաբարձական մարմինը- Մ.Գ.) խիստ պէտքութիւնը ունենալով գործ առաջարկած են երիտասարդին, որ այր մարդ մըն էր ի վերջոյ, ընտանիքէն հեռու էր...եւ այլն։ Երիտասարդը ինքն ալ զարմացած էր իմանալով վարձատրութեան զգալի տարբերութեան մասին։

Շուկայական տնտեսութեան յատուկ պահանջարկի եւ հայթայթումի (supply and demand) մօտեցում չէ հապա ի՞նչ է եղածը։ Ի միջի այլոց «վերին մարմնի» ապերախտ անդամը ճիշդ այսպէս ալ բանաձեւեց իր բացատրութիւնը։

Wall Street-եան հոգեբանութիւն չէ հապա ի՞նչ է, երբ յաճախ կը յայտնուին մեր դպրոցական «վերին մարմիններուն մէջ» անձեր, որոնք հայերէն չեն գիտեր, իրենց գիտցած անգլերէնը կա՛մ շատ նեղ մասնագիտական է եւ կա՛մ պարզապէս աղքատիկ, հայոց լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան մասին չունին տարրական գիտելիքներ (երբեմն իրենք կը խոստովանին) «հանգամանքներու» բերումով, յարգանքի պակաս ունին հայ դարաւոր եկեղեցւոյ աւանդութիւններու եւ վարդապետութեան հանդէպ, կրօնական համեստ դաստիարակութիւնն իսկ աւելորդ կը նկատեն, Հայկական ցեղասպանութեան փորձառութեան մասին տրուող տարրական գիտելիքները կը նկատեն հակադաստիարակչական ու մտալլկիչ, յետադիմական, ոչ-ամերիկեան (թէեւ գոհ պիտի  մնային, եթէ սեռային ազատ ընտրութեան մասին «դաստիարակութիւն» տրուէր մատղաշ հայորդիներուն...)։ Այդպիսի մօտեցում ունեցողները (թող ներուի ըսել՝ «հաւկիթէն նոր ելածներ») ունին կրկին անգամ յիմար պատասխան ու պատճառաբանութիւն, զոր կը բանաձեւեն հետեւեալ պարզամիտ ու նախնական լեզուով.

- Բայց իրականութիւն է, չէ՞, մեր շրջապատին մէջ քիչ չէ թիւը միասեռականներու, որձեւէգերու (transgender)...

Թող հայ ընթերցողը դատէ ասկէ անդին։

Հանդիպեցանք ու տակաւին պիտի հանդիպինք կրթական աշխատանքի «վերին աստիճաններուն» վրայ յայտնուած անձերու, որոնք հոն են, որովհետեւ «այսինչեան» ազդեցիկ անձին գործակիցներէն են ... շուկային մէջ կամ առեւտրա-արդիւնաբերական ու շինարարական ասպարէզներուն մէջ։ Հարկաւոր է յագուրդ տալ այսպիսի անձերու փառասիրական նկրտումներուն՝ տնտեսական եւ այլ կարգի շահութաբեր գործակցութիւնը ամրացնելու ու խորացնելու նպատակով։

Մեր յօդուածաշարքի եզրափակիչ պարբերութեան անցնելէ առաջ կը փափաքինք անգամ մը եւս ընդգծել թէ մենք չենք քննադատեր ու այպաներ բոլոր կրթական մշակները, տնօրէնները, կրթա-հոգաբարձական մարմիններու անդամները, որոնց մէջ եղած են եւ կան իսկական նուիրեալներ ու հայ դպրոցին դերին հաւատացողներ։ Հարցը այն է որ սկսած է պակսիլ այդպիսիներու թիւը յօգուտ ապերասան ու կրթական գործէն շատ չհասկցող նոր դարու «Աբիսողոմ աղաներու»։ Հայ մամուլին կոչումը պէտք է ըլլայ մատնանշել խոցելի կողմերը՝ արդար, առարկայական ու քննադատական մօտեցումներով։

Հետեւաբար, ատենը եկած պէտք է համարել հանրային քննարկման (pubic debate on national level) նստելու եւ խորապէս վերլուծելու եւ գնահատելու կացութիւնը։ «Գեղարդ»ի յաջորդ թիւերուն մէջ այսուհետեւ յաճախ պիտի հանդիպիք հարզախոյզերու, կարծիքներու եւ առաջարկութիւններու։ Կը քաջալերենք ընթերցողները որ չվարանին իրեն խօսքը ըսելու հայերէն կամ անգլերէն լեզուներով։

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ՏՈՒՆՆ Է ՀԱՅՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԾԱԳԵՐՈՒՆ։ (Մ. Իշխան)

 

  Մինաս Գոճայեան