image
Հրատապ լուրեր:

Սուլէյմանիի սպանութեան գործով Իրան քննութիւն պիտի բանայ

Սուլէյմանիի սպանութեան գործով Իրան քննութիւն պիտի բանայ

Դատական համակարգի ղեկավարի տեղակալ, Իրանի մարդու իրաւունքներու կոմիտէի նախագահ Քազէմ Ղարիպապատին յայտնած է, որ հրամանատար, զօրավար Քասէմի Սուլէյմանիի եւ անոր ուղեկիցներու սպանութեան գործով՝ Իրանա-իրաքեան համատեղ քննչական կոմիտէի նիստերու երկրորդ փուլը  պիտի կայացուի Թեհրանի մէջ։

Ղարիպապատին մամուլի յայտարարութեան մէջ ըսած է, որ «այս փուլը պիտի տեւէ երկու օր՝ յառաջիկայ Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, եւ պիտի ներառէ Իրանի եւ Իրաքի դատական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ»:

Ան նաեւ յստակացուցած է, որ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին նահատակ Սուլէյմանիի եւ անոր ուղեկիցներու սպանութեան գործի հետաքննութեան ընթացքին երկու երկիրներու վերջին բացայայտումները, ներառեալ ամերիկացի մեղադրեալներու դերը բոլոր մակարդակներու եւ ոլորտներու մէջ։

Յատկանշական է, որ իրաքա-իրանեան կոմիտէն յայտարարեց, որ կը ձեռնարկէ բոլոր հնարաւոր դատական եւ իրաւական միջոցները երկու առաջնորդներու՝ զօրավար Քասէմ Սուլէյմանիի եւ Ապու Մահտի Մուհանտիսի սպանութեան մեղաւորները եւ տարրերը հետապնդելու եւ պատժելու համար, ինչպես նաև շարունակելու եւ ամրապնդելու համագործակցութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ ընթացող դատական հետաքննութիւնները աւարտելու համար։