image

Սթեֆանի Սալիպայի ձերբակալութիւնը. Հարուած, թէ քաղաքական «ձեռնածութիւն»

Սթեֆանի Սալիպայի ձերբակալութիւնը. Հարուած, թէ քաղաքական «ձեռնածութիւն»

Այս գեղեցուհիին անունը՝ Սթեֆանի Սալիպա է։ Լիբանանցի (քրիստոնեայ) յայտնի դերասանուհի Սթէֆանին այսօր Պէյրութ վերադարձին ձերբակալուած է։ Աւելի ուշ լրատուական աղբիւրներ հաղորդած են, որ Սթեֆանին ձերբակալուած է «դրամալուացման» հարցերով եւ ան  իրաւապահ մարմիններուն ձեռամբ պիտի յանձնուի «դրամական ոճիրներու եւ դրամալուացման» յատուկ մարմնին։

Lebanon Files , որ լրատւութիւնը կատարողներէն է, զարմանք կը յայտնէ եղածին վերաբերեալ, նշելով, որ այս խնդրին մէջ իրաւապահ մարմիններ իրենց այս գործելաոճով ձեռնամուխ կ՚ըլլան դատական մարմիններու աշխատանքներուն մէջ։

Իսկ աւելի ուշ այլ աղբիւրներ դարձեալ լուր կը տարածեն (սակայն դեռ ստոյգ չէ) որ անոր դատը պիտի տեսնէ երկրի նախկին նախագահ զօր. Միշէլ Աունը «մարդ»ը համարուող դատախազ Ղատա Աունը։ 

Հիմա այս բոլորը մէկ կողմ, սակայն բացայայտ է, որ Սթեֆանիի ձերբակալումը ունի քաղաքական ենթաթեքստ (ինչպէս ամէն բան Լիբանանի մէջ) եւ այս փուլին նման քայլի մը երթալը կը նշանակէ կրկին անգամ թիրախ դարձնել երկրի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ ՝Ռիատ Սալամէն։

Թէ ինչ զարգացումներ կրնան «ծնիլ» այս ձերբակալումէն դեռ պարզ չէ, սակայն յայտնի է, որ նախկին նախագահը եւ անոր ամբողջ թիմը (մանաւանդ ՝ փեսան՝ Ժըպրան Պասիլ) այս կերպ պիտի փորձեն նոր օրակարգ մը բանալ ու նաեւ կերպով մըն ալ վրէժ լուծել երկրի վարչապետ՝ Նաժիպ Միքաթիէն (Սիւննի) որ տարբեր առումներով բարձր մակարդակի կապեր ունի Ռիատ Սալամէին հետ։ 

Հոս կայ անշուշտ հակա-ամերիկեան որոշակի քայլ, որ սակայն իմ կարծիքով  պիտի չհասնի իր նպատակներուն։

Լիբանանի նախկին արտ.գործ նախարար Ժըպրան Պասիլ իր «դժուար» օրերը կ՚ապրի եւ դարձեալ իմ կարծիքով այս փուլը քաղաքական առումով իր համար հեշտ փուլ մը պիտի չըլլայ։ 

Ան կորսնցուցած է նախագահ դառնալու  առիթներով եւ եթէ այսպէս շարունակէ կրնայ ունենալ ներքին ճակատի ծանր անկումներ։

Ամէն պարագայի Սթեֆանի Սալիպայի այս թղթածրարը երկրին մէջ առիթ պիտի դառնայ տնտեսական աւելի մեծ բարդացումներու ու աւելի քան վստահ եմ, որ ինչ ալ ըլլան հանգամանքները ԱՄՆ այս փուլին  զոհ պիտի չդարձնէ իր «հաւատարիմ մարդ» համարուող եւ Լիբանանի տնտեսութեան «լոգոմոթիւ» համարուող՝ Ռիատ Սալամէն։