ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 3 մայիսի որոշմամբ՝ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի սփիւռքի ներուժի քարտէզագրման եւ ներգրաւման վարչութեան ներուժի ներգրաւման բաժնի պետ Ամալեա Կարապետեան պիտի գործուղուին 6-13 մայիսին Իտալիոյ Հանրապետութիւն (Միլան՝ 6-9 մայիս, Վենետիկ՝ 9-11 մայիս, Հռոմ՝ 11-13 մայիս) տեղւոյն պաշտօնատար անձերու, հայկական կառոյցներու եւ գործարար ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ ունենալու եւ համագործակցութեան հետագայ ուղիները քննարկելու նպատակով:
Նիկոլ Փաշինեանի որոշումը հրապարակուած է ՀՀ ելեկտրոնային կառավարման կայքին մէջ։