image

Կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեան դէպի սրբադասում

Կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեան  դէպի  սրբադասում

 

 Ոչ միայն   Կաթողիկէ աշխարհին,  այլ  նաեւ  ամբողջ հայութեան համար  այսօր  կիզակէտային  թեմա է    Հայ Կաթողիկէ  եկեղեցւոյ նուիրեալ    կրօնաւորներէն    կարդինալ  Գրիգոր Աղաճանեանի սրբադասման հարցը։  Խնդիր,որ  կը շարունակէ մնալ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ  հոգեւոր հայրերուն՝ գլխաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ  Կաթողիկոս- Պատրիարք  Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ ԻԱ-ի  ուշադրութեան  առանցքին։ Նշենք նաեւ, որ ներկայ փուլին սրբադասման առընթեր տեղի կ՚ունենան   վկաներու լսումներ եւ այդ մասին հանգամանաւոր կերպով գրած է  «Ռատիօ Վատիկան»ի  հայկական ծառայութիւնը։

 Ստորեւ լրատւութիւնը՝

 

 

 

Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացումէն երեք ամիս ետք, 16 յունուար 2023-ին ընթացք առին վկաներու հարցաքննութիւնները, կատարուած Հռոմի թեմական ատեանի անդամներուն կողմէ, որոնց շարքին են Եպիսկոպոսական պատուիրակ՝ Գերապայծառ Ճուզէփփէ Տալոնսօ, դատապաշտպան՝ Հայր Ճորճօ Չուչչի եւ նոտար՝ Տոքթ Մարչելլօ Թեռամանի։

Վկաներու հարցաքննութեան աշխատանքներուն ներկայ գտնուեցաւ սրբադասման դատի պատմական յանձնաժողովի անդամներէն Տոքթ. Ալեսանտրա Սքոթթօ, փաստաթղթային ապացոյցներու որոնումի պաշտօնով։

Լիբանանի մէջ վկաներու հարցաքննութիւնները տեղի ունեցան համագործակցութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերպ. Գէորգ եպիս Ասատուրեանի, Հայր Արամ Աբրահամեանի եւ վկաներու թարգմանիչ՝ Հայր Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի։

Վկաներու հարցաքննութեան որպէս առաջին վայր ընտրուեցաւ Լիբանանը, որովհետեւ հոն կը գտնուի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը եւ ուր եղած է Կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեանի առաքելավայրը։

Յայտնենք, թէ Հռոմի թեմական ատեանի անդամները Լիբանանին մէջ առիթը ունեցան այցելելու զանազան վայրեր, ինչպէս՝ եկեղեցիներ, նորընծայարան, դպրոցներ եւ որբանոցներ՝ հիմնադրուած կարդինալ Աղաճանեանի կողմէ եւ կամ առընչուած անոր անուան հետ։

Կիրակի 22 յունուարին, վկաներու հարցաքննութեան աշխատանքի վերջին օրը աշխատակազմը մասնակցեցաւ Պքերքէի Մարոնիներու Պատրիարքութենէն ներս կայացած համամիութենական աղօթքին, ուր ներկայ էին Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքները։ 

«Կը մատուցուին աղօթքներ եւ կը կատարուի երկխօսութիւն երկրի մը մէջ, որ կ՝արտայայտէ եւ կ՝ընդգծէ համամիութենական ինքնութիւնը, ուր դժուարութիւններով հանդերձ միատեղ կ՝ապրին տարբեր դաւանանքներու պատկանող հաւատացեալներ»։ Նշուած է Աստուծոյ ծառայ կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի պատմական յանձնախումբին այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։