image

Կարդինալ Աղաճանեան յիշատակուեցաւ Գամիշլիի մէջ. Պատարագիչը ՝ Գերպ. Գէորգ եպս. Ասատուրեանն էր

Կարդինալ Աղաճանեան յիշատակուեցաւ  Գամիշլիի մէջ. Պատարագիչը ՝ Գերպ.   Գէորգ եպս. Ասատուրեանն էր

 Շատ են այո՛, Տէրոջ ծառայութեան կոչուած զինուորեալները։ Սարկաւագներ են, քահանաներ, վարդապետներ ու եպիսկոպոսներ։ Մեր եկեղեցւոյ դարաւոր անցեալի խորերէն եւ մինչեւ մեր օրերը հասնող աւանդութեամբ մը զինուորեալները կը ծառայեն։ Կը ծառայեն, ուր որ կարիք կայ այդ մեծ նուիրումին եւ կը դառնան Աստծոյ խօսքին փոխանցողն ու իսկական քարոզիչը։

 Այդ վեհանձն նուիրեալներէն է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համեստագոյն ծառաներէն Արհի. Գերպ. Եպս. Ասատուրեանը, որ օրերս հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Ճէզիրէի Թեմ՝ Գամիշլի։

Գերապայծառը այցի ընթացքին մատուցած է Սուրբ եւ անմահ պատարագ ուր մասնաւորապէս յիշատակած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծագոյն դէմքերէն հանդիսացող երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանը։

 Ի դէպ այս մասին աւելի մանրամասն տեղեկատւութիւն կատարած է «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնը, որուն ժրաջան խմբագիր Ռոպէրթ Աթթարեանի գրչէն կը կարդանք՝ 

 

Կիրակի 29 Յունուար 2023ին, Քամիշլլի Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցեց հովուական այցելութեամբ այս օրերուն Ճէզիրէի մէջ գտնուող Պէյրութի Թեմի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական օգնական եպիսկոպոս` Արհ. Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանը։

Սուրբ զոհը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով հաւատացեալներ նուիրուած էր Աստուծոյ Ծառայ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանաենին, որուն սրբադասման դատին բացումը տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ անցեալ տարուայ Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին։

Գերապայծառ Տէրը Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած յաւուր պատշաճի քարոզը եւս կեդրոնացուց հայոց մեծանուն հայրապետի տիպարին, գործունէութեան ու մեզի թողած պատգամին ու ժառանգութեան վրայ, խօսելով նաեւ դատական գործընթացի հանգրուաններու մասին ու պատարագի աւարտին բոլորին բաշխելէ ետք երջանկայիշատակ Հայ Ծիրանաւորին սրբապատկերը հրաւիրեց հաւատացեալները միասնաբար աղօթելու անոր նուիրուած աղօթքը խնդրելով նաեւ որ այդ աղօթքը շարունակեն կատարել նաեւ յառաջիկայ օրերուն, ու եկող ամիսներուն ընթացքին, մինչեւ այն օր երբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ԺԵ հայրապետը հասնի Խորաններու պատուոյն ու դասուի սուրբերու շարքին։