image

Սիւնիքի մէջ՝ «Հիւսիս-հարաւ»-ին յարող տարածքին մէջ, մաքսային կեդրոն պիտի կառուցուի

Սիւնիքի մէջ՝ «Հիւսիս-հարաւ»-ին յարող տարածքին մէջ, մաքսային  կեդրոն պիտի կառուցուի

Սիւնիքի մէջ մաքսային եւ նիւթատեխնիկական (լոճիսթիք) կեդրոն կառուցելու համար Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 12 միլիոն եւրօ։ Ատորմէ 2 միլիոնը դրամաշնորհ է, 10 միլիոնը՝ վարկ։ Ծրագրին մէջ եւս 2,4 միլիոն եւրոյի չափով համաֆինանսաւորում պիտի իրականացնէ կառավարութիւնը: Գործադիրը մայիս 8-ի նիստին հաւանութեան արժանացուցած է այս համաձայնագիրը։

Ըստ որոշման հիմնաւորման՝ լոճիսթիք կեդրոնը պիտի կառուցուի Սիսիանէն 7 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ՝ «Հիւսիս-հարաւ» միջանցքին յարող 7,7 հեքթար տարածքին վրայ։

«Ծրագրի շրջանակներում նախատեսւում է կառուցել վարչական շէնք՝ տանիքում արեւային էներգակայանով: Կեդրոնի տարածքում լինելու են մուտքի եւ ելքի ուղղութեամբ տրանսպորտի մանրամասն զննման, մաքսային ձեւակերպումների, բեռնատար տրանսպորտի ռենտգենային զննման մասնաշէնքեր, մարդատար տրանսպորտի ռենտգենյան զննման հարթակ եւ այլ ենթակառուցուածքներ: Մուտքի եւ ելքի ուղղութեամբ նախատեսուած են 5 ուղեգիծ եւ 2 կշիռք՝ 100 տոննա կշռողութեամբ»,- նշուած է որոշման հիմնաւորումներուն մէջ։

Ըստ Պետական եկամուտներու կոմիտէի՝ նման կեդրոններու ստեղծմամբ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի երկրի ամբողջ տարածքին մէջ ունենալ բաւարար մաքսային ենթակառուցուածք թէ՛ շէնքային ու տարածքային պայմաններու, թէ՛ մաքսային հսկողութեան իրականացման համար անհրաժեշտ տեխնիկական յագեցուածութեան եւ թէ՛ արտաքին տնտեսական գործունէութեան մասնակիցներուն մատուցուող ծառայութիւններու համար անհրաժեշտ տեղեկատուական համակարգերու հասանելիութեան ու շահագործման յարմարաւէտութեան տեսանկիւնէ։