image

Հալէպի նախկին հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան նշանակուեցաւ

Հալէպի նախկին հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան նշանակուեցաւ

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով՝ Արշակ Փօլատըանը ետ  կանչուած է Սուրիոյ Արաբական հանրապետութեան եւ Յորդանանի Հաշիմեան թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնէն:

Անոր փոխարեն Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան նշանակուած է Տիգրան Գէորգեանը, որ աւելի վաղ կը զբաղցնէր Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսի պաշտօնը:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի.

Տիգրան ԳԷՈՐԳՅԱՆԻՆ նշանակել Սիրիայի Արաբական Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Դամասկոս)»,-ըսուած է համապատասխան հրամանագրին մէջ: