Իրանի հանգուցեալ գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութիւնը պիտի սկսի Թեհրանի մէջ Յուլիս 4-ին։ Այս մասին կը հաղորդեն իրանական պետական լրատուամիջոցները։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնները պիտի տեւեն քանի մը օր եւ պիտի աւարտին անոր ծննդավայր Մաշհատ քաղաքին մէջ՝ Յուլիս 9-ին։
Յուղարկաւորութիւնը, որ սկզբնապէս նախատեսուած էր Մարտ ամսուն, պատերազմական պայմաններուն պատճառով յետաձգուած էր։