image

Շուէտ. Սուրիացի Գաղթականներու 7 Կեդրոններ Հրկիզուած Են

Շուէտ. Սուրիացի Գաղթականներու 7   Կեդրոններ  Հրկիզուած  Են

Շուէտ- Ըստ Powdered Wing Society կայքին, շուէտացիներ  մտահոգ են իսլամներու` իրենց  երկիր մեծ թիւով ներհոսքին համար:  Այս  մասին    կարճ լուր մը   գրած է  լրագրող  Թովմաս Մէտիսըն: Լրագրողը  նաեւ  կը յայտնէ, թէ Շուէտի մէջ սուրիացի  փախստականներու  կեդրոններ հրկիզուած են   հակաիսլամական ուղերձներ յղելու նպատակով: Նոյն   տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Jewsnews.co.il կայքը, որ կը գրէ, թէ Շուէտի մէջ գաղթականներու  7 կեդրոններ հիմնայատակ կը հրկիզուին եւ այս  մէկը կը հաստատէ, թէ  Շուէտի  մէջ իսլամներու դէմ  ատելավառ մթնոլորտ մը կայ: Շուէտ  կը համարուի եւրոպական երկիրներուն մէջ ամենաշատ գաղթական ընդունող երկիրը: Նշենք, որ  100.000   ապաստան հայցողներ այս տարի մտած են երկիր եւ  90.000 պիտի հասնին տարին չբոլորած: