Շուէտը եւ Ֆինլանտան կրնան ամառը անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին։ Այս մասին կը յայտնէ The Times-ը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։
Ֆինլանտան, ինչպէս կը սպասուի, Հիւսիսատլանտեան դաշինքին անդամակցութեան յայտ պիտի ներկայացնէ Յունիսին, անոր պիտի յաջորդէ Շուէտը։
Շուէտի եւ Ֆինլանտայի իշխանութիւնները համատեղ կ'աշխատին անդամակցութեան հարցով իրենց երկիրներու մէջ համաձայնութեան հասնելու համար, սակայն վերջնական որոշումը իւրաքանչիւր պետութիւն ինքնուրոյն կ'ընդունի։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն յայտարարած էր, որ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի հնարաւոր անդամակցութիւնը եղած է Ապրիլի 6-7, Պրիւքսէլի մէջ կայացած ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ամենաքննարկուած թեմաներէն մէկը։