image

Շոլց. Լուծումը հողային ամբողջականութեան հիմքով

Շոլց. Լուծումը  հողային ամբողջականութեան հիմքով

Գերմանիա պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցին երկարաժամկէտ եւ իրագործելի լուծում գտնելու ուղղութեամբ` տեղւոյն բնակիչներուն բարօրութեան համար:

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը, նշելով, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց։

«Մեր համատեղ նպատակը պէտք է ըլլայ այս հակամարտութեան համար երկարաժամկէտ եւ իրագործելի լուծում գտնելը՝ ի բարօրութիւն Լեռնային Ղարաբաղի մարդոց»,-ըսած է ան, աւելցնելով, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման վրայ:

Խօսելով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան (EUMA) տեղակայման մասին` Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարը նկատել տուած է, որ Պերլին կ՛աջակցի անոր եւ կ՛ապահովէ առաքելութեան ղեկավարումը: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ըստ Օլաֆի, պէտք է տեղի ունենայ որքան կարելի է շուտ։