image

Շրջանին մէջ խաղաղութեան մեծ յոյս կայ. Պայրամով

Շրջանին մէջ  խաղաղութեան մեծ յոյս կայ. Պայրամով

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը երկրի մէջ հաւատարմագրուած եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպման ի թիւս այլ հարցերու քննարկած է նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու խաղաղութեան գործընթացի զարգացման հնարաւոր հեռանկարները, յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայությունը։

Ըստ ԱԳՆ հաղորդագրութեան՝ հանդիպման Պայրամով շեշտած է, որ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք Ատրպէյճանը բազմիցս տարբեր հարթակներու վրայ բարձրացուցած է «իր ինքնիշխան տարածքներու մէջ անօրինական հայկական զինուած կազմաւորումներու առկայութեան հարցը»։ Այս ծիրէն ներս, Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարն ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ սեպտեմբեր 19-20-ին իրականացուած «օրինական հակաահաբեկչական միջոցառումներու կարեւորութիւնը տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար»։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանի նախագահը պիտի երաշխաւորէ «Ղարաբաղի շրջանի բնակիչներու անվտանգութիւնն ու լեզուամշակութային իրաւունքները»։

Պայրամով նաեւ աւելցուցած է, որ «այն պահէն ի վեր, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերականգած են իրենց անկախութիւնը, տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եզակի պատմական հնարաւորութիւն ստեղծուած է»։