image

Շաւարշ Միսաքեանի Վկայութիւնը «Europe» Գրական Ամսագրին Մէջ

Շաւարշ Միսաքեանի Վկայութիւնը «Europe» Գրական Ամսագրին Մէջ

«Europe» գրական ամսագիրը  իր յունուար-փետրուար ամսու  (1041-1042) թիւերուն մէջ լոյս ընծայած է «Գրականութեամբ վկայել» («Témoigner en littérature») յատուկ թեմայով շահեկան շարք մը, ուր այլ վկայութիւններու կարգին իր սիւնակներուն մէջ տեղ տուած է նաեւ Շաւարշ Միսաքեանի «Մեծ տագնապը» խորագրով վկայութիւնը, ուր կը խօսուի 1915ի Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Նշենք, որ աւելի քան երեսուն տարի Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղած է ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ողջ հայ իրականութեան մէջ: